image

Հայաստան-Հնդկաստան բարեկամութիւնը միշտ ամուր եղած է. Փաշինեան- Մոտի հանդիպում կայացած է

Հայաստան-Հնդկաստան բարեկամութիւնը միշտ ամուր եղած է.  Փաշինեան- Մոտի  հանդիպում կայացած է

 

Պիշքեքի մէջ տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութենէն։

Զրուցակիցները գոհունակութեամբ ընդգծած են Հայաստան-Հնդկաստան յարաբերութիւններու զարգացման փաստը եւ կարեւորած են փոխգործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնելու ուղղութեամբ համատեղ քայլերու իրականացումը։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Նարենտրա Մոտի շեշտած են, որ Հայաստան-Հնդկաստան բարեկամութիւնը միշտ ամուր եղած է եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու ջանքերը՝ զայն աւելի խորացնելու նպատակով։

Զրուցակիցները քննարկած են տնտեսութեան, արհեստագիտութիւններու, առողջապահութեան ու դեղագործութեան, կրթութեան, ենթակառուցուածքներու, ներդրումներու եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր։

Ընդգծուած է, որ բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններու հետագայ կազմակերպումը պիտի օժանդակէ գործընկերութեան խորացման եւ նոր համատեղ ծրագիրներու իրականացման։

Վարչապետ Փաշինեան վերահաստատած է Հնդկաստանի վարչապետին՝ յարմար ժամանակահատուածի մէջ Հայաստան այցելելու հրաւէրը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է նոյնպէս պատեհ առիթով այցելելու Հնդկաստան։

Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող այլ հարցերու շուրջ։ Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է TRIPP ծրագիրի իրականացման ընթացքին։