image

Ղրղզստանը եւ Չինաստանը ստորագրած են 32 փաստաթուղթ

Ղրղզստանը եւ Չինաստանը ստորագրած են 32 փաստաթուղթ

 

Պիշքեքի մէջ կայացած է Ղրղզստանի եւ Չինաստանի նախագահներ Սատիր Ժապարովի եւ Սի Ծինփինի հանդիպումը։ Ժապարով նշած է, որ երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը թեւակոխած է իր զարգացման նոր՝ «ոսկէ շրջանը»։ Սի Ծինփինն ալ ընդգծած է, որ Պիշքեքի եւ Փեքինի փոխգործակցութիւնը ծանրակշիռ ներդրում է ամբողջ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման գործին մէջ։

 

Կողմերը քննարկած են անվտանգութեան, առեւտուրի, ներդրումներու, ուժանիւթի, արդիւնաբերութեան, օգտակար հանածոներու արդիւնահանման եւ բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնումը։

Յատուկ շեշտադրում կատարուած է Չինաստան-Ղրղզստան-Ուզպեքստան երկաթուղիի կառուցման ընթացքին եւ «Պետել» անցակէտի հետագայ զարգացման վրայ։

Բանակցութիւններէն ետք պետութիւններու ղեկավարները ստորագրած են յաւերժ բարիդրացիութեան, բարեկամութեան եւ համագործակցութեան մասին պայմանագիր, ինչպէս նաեւ նոր դարաշրջանի մէջ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան բարձրորակ զարգացման մասին համատեղ յայտարարութիւն։ Ընդհանուր առմամբ ստորագրուած է 32 երկկողմ փաստաթուղթ։