Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն ըսած է, որ Քիեւը դժուարութիւններ ունի խաղաղութեան շուրջ պայմանաւորուածութիւններու հարցով։
«Ի՞նչ դժուարութիւններ ունի Ուքրանիան, Ուքրանիոյ հիմնական դժվարութիւնը անոր Սահմանադրութիւնն է։ Անոնց Սահմանադրութիւնը կ՚արգիլէ տարածքային ամբողջականութեան փոփոխութեան վերաբերեալ որեւէ բանակցութիւն»,- լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Շոյկուն՝ նկատի ունելով, որ Ուքրանիոյ որոշ մարզեր Ռուսիա ներառած է իր կազմին մէջ։
Ան մէկ այլ խնդիր նշած է «իշխանութեան օրինականութիւնը» Ուքրանիոյ մէջ, քանի որ պէտք է որոշել, թէ որու հետ կարելի է բանակցութիւններ վարել։ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը նաեւ յիշեցուցած է «Վլատիմիր Զելենսքիի կողմէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններ վարելու արգելքի առկայութեան մասին»։
Ըստ Շոյկուի՝ պայմանաւորուածութիւններու հասնելու համար այս բոլոր խնդիրները պէտք է լուծուին։