Մարտ 1-ին Ուքրանիոյ մէջ Ռուսաստանի յատուկ գործողութեան ժամանակ հերոսաբար զոհուած է Պուրեաթիայէն 18-ամեայ զինուոր Դաւիթ Յարութիւնեանը:
Դաւիթ Յակոբի Յարութիւնեան ծնած է է 2003 թուականի Մարտ 8-ին, Քեախթայի մէջ: 2021 թուականի գարնան ուսումը աւարտելէ յետոյ զօրակոչուած է ռուսական բանակ:
Ան մասնակցած է Ռուսաստանի յատուկ գործողութեան Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններոգ տարածքին մէջ: Մարտ 1-ին շարքային Յարութիւնեանը գումարտակային-մարտավարական խումբի շարասիւնի կազմին մէջ յառաջխաղացման յանձնարարութիւն ստացած է: Ինքնագնաց հրետանային շարասիւնը խոցուած է:
Դաւիթը մեքենայէն դուրս բերած է վիրաւոր ընկերը, տարած է ապահով վայր, բայց ինքը թիկունքին բեկորային մահացու վնասուածքներ ստացած է:
Մարտական պարտքը կատարելու ժամանակ ցուցաբերած խիզախութեան եւ անձնուրացութեան համար Յարութիւնեան յետմահու ներկայացուած է «Արիութեան» շքանշանի: