Ուքրանական եգիպտացորենով բեռնանաւն այսօր դուրս եկած է Չերնոմորսքի նաւահանգիստէն։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանական գերատեսչութիւնը։
«Այսօր ուքրաինական Չերնոմորսքի նաւահանգիստէն դուրս եկած է եգիպտացորեն տեղափոխող I MARIA նաւը։ Բացի այդ, չորս նաւեր կ'ուղեւորուին Ուքրաինա՝ հացահատիկի տեղափոխման համար»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Յիշեցնենք` Իսթանպուլի մէջ 22 յուլիսին բազմակողմ համաձայնագիր ստորագրուած է Ռուսիոյ Դաշնութենէն ապրանքներու մատակարարման սահմանափակումներու վերացման եւ ուքրանական հացահատիկի արտահանման Ռուսիոյ աջակցութեան մասին: Գործարքը, որ ստորագրած են Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Ուքրանիոյ եւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչները, կ'ենթադրէ ուքրանական հացահատիկի, պարէնամթերքի եւ պարարտանիւթերու դուրսբերումը Սեւ ծովու երեք նաւահանգիստներէն, այդ շարքին՝ Օտեսայէն: