image

Ուքրանացիք կը շարունակեն «Կրատ»ով թիրախաւորել Տոնեցքը

Ուքրանացիք կը շարունակեն  «Կրատ»ով թիրախաւորել  Տոնեցքը

Ուքրանիոյ զինուած ուժերը Կիրակի օրը «Կրատ» հրթիռային համակարգէն հրթիռակոծած են Տոնեցքի հիւսիսային շրջանը` արձակելով 15 հրթիռ: Այս մասին յայտնած է Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւնը:

«Ուքրանիոյ զինուած կազմաւորումներուն կողմէ կրակ բացուած է Տոնեցքի ուղղութեամբ, 15 հրթիռ արձակուած է BM-21 «կրատ»-է», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Ոքկրանիոյ զինուած ուժերը  ժամը 10:15-ին կրակ բացած են սահմանազատման գիծին վրայ գտնուող Օթիթնոէ գիւղին կողմէ: