Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին առիթով Խորհրդային Միութեան կրկնակի հերոս, հայազգի օդաչու Նելսոն Ստեփանեանի որդին՝ Ուիլսոն Նելսոնի Ստեփանեանը, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանի հրամանով պարգեւատրուած է ՀՀ «Զինուած Ուժեր»-ու՝ «Նելսոն Ստեփանեան» մետալով։ Պարգեւը՝ Ուիլսոն Ստեփանեանի դստեր՝ Վիքթորիա Ուիլսոնի Ստեփանեանին յանձնած է Ռուսաստանի Դաշնութեան ՀՀ դեսպանութեան ռազմական կցորդ՝ զօրավար Արմէն Լալայեանը։
Յիշեցնենք, որ օդաչու Նելսոն Ստեփանեանը Խորհրդային Միութեան կրկնակի հերոս է: Ծովի վրայ օդային մարտերու ընթացքին ցուցաբերած խիզախութեան համար, Հայրենական մեծ պատերազմի պատմութեան մէջ անոր անունը դրոշմուած է որպէս «պալթեան արծիւ»: