image

Ուաշինկթըն վաւերացուց Ֆինլանտայի եւ Շուէտի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի

Ուաշինկթըն վաւերացուց Ֆինլանտայի եւ Շուէտի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի

9 Օգոստոսին ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն ստորագրեց փաստաթուղթեր, որոնք Ուաշինկթընի կողմէ կը վաւերացնեն Ֆինլանտայի եւ Շուէտի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին։ Այս մասին յայտնած է AFP-ն։

Իր ելոյթին մէջ ԱՄՆ նախագահը նշած է, որ հիւսիսային Եւրոպայի երկու երկիրները պիտի դառնան «ուժեղ, յուսալի եւ շատ ընդունակ նոր դաշնակիցներ», որոնք Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի ծիրէն ներս իրենց վրայ պիտի վերցնեն փոխադարձ պաշտպանութեան «սրբազան պարտաւորութիւնը»։

Ըստ Պայտընի՝ Ռուսիա, նախագահ Վլատիմիր Փութինի գլխաւորութեամբ «կործանեց խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը Եւրոպայի մէջ»՝ ներխուժելով Ուքրանիա։

«Փութին կը կարծէր, որ կրնայ մեզ պառակտել... Փոխարէնը, ան ստացաւ այն, ինչէն կը խուսափէր», - ըսած է ԱՄՆ նախագահը։

4 Օգոստոսին ԱՄՆ Սենատը քուէարկած է Ֆինլանտայի եւ Շուէտի՝ ՆԱԹՕ-ին միանալու օգտին՝ դառնալով 23-րդը 30 երկիրներէն, որոնք պաշտօնապէս հաստատած են որոշումը:

Ֆինլանտայի եւ Շուէտի անդամակցութեան ամբողջական վաւերացման համար անհրաժեշտ է, որ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի բոլոր անդամ երկիրները հաստատեն համապատասխան փաստաթուղթերը ազգային մակարդակով։