image

Վեր. Սելիմեան՝ Ֆինլանտայի խորհրդարանին մէջ. Սուրիոյ քրիստոնէական ներկայութեան ապագան՝ քննարկման օրակարգին (Լուսանկարներ)

Վեր. Սելիմեան՝ Ֆինլանտայի խորհրդարանին մէջ. Սուրիոյ քրիստոնէական ներկայութեան ապագան՝ քննարկման օրակարգին (Լուսանկարներ)

Սուրիոյ մէջ քրիստոնէական համայնքներու ապագան եւ երկրի մէջ կրօնական ազատութեան ու հաւասար քաղաքացիութեան հարցերը շարունակ կը մնան միջազգային ուշադրութեան կեդրոնին։ Այս ծիրին մէջ, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Ֆինլանտա կատարած այցելութեան ընթացքին, խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆինլանտայի Քրիստոնեայ Դեմոկրատներու խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Փիթըր Էօսթմանի հետ՝ քննարկելով Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը եւ քրիստոնէական ներկայութեան պահպանման ու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։

 

Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան այցելեց Ֆինլանտայի խորհրդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի անդամ եւ Քրիստոնեայ Դեմոկրատներու խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Փիթըր Էօսթմանի հետ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ «Նահատակ Եկեղեցւոյ Բարեկամներ» (MKV) կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Վեր. Ճոքում Քրոքֆորս։

Հանդիպումի ընթացքին հանգամանալից զրոյց տեղի ունեցաւ Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին շուրջ՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով քրիստոնէական ներկայութեան եւ անոր ապագային, հաւասար քաղաքացիութեան, կրօնական ազատութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու եւ քրիստոնէական հաստատութիւններու ներդրումին՝ կրթութեան, առողջապահութեան, ընկերային համերաշխութեան եւ հասարակութեան մէջ փոխադարձ վստահութեան վերականգնման բնագաւառներուն մէջ։

Հանդիպումը նաեւ ընդգծեց եկեղեցիներու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ որոշում կայացնողներու միջեւ ամուր կապեր ու գործակցութեան ցանցեր ստեղծելու կարեւորութիւնը՝ ի նպաստ խաղաղութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ բոլոր սուրիացիներուն համար հասարակաց ապագայի մը կերտման։

Վեր. Դոկտ. Սելիմեան իր գնահատանքը յայտնեց խորհրդարանի անդամ Փիթըր Էօսթմանին՝ ջերմ ընդունելութեան եւ բովանդակալից զրոյցին համար, ինչպէս նաեւ Վեր. Ճոքում Քրոքֆորսին եւ «Նահատակ Եկեղեցւոյ Բարեկամներ» կազմակերպութեան՝ այս արժէքաւոր հանդիպումը կազմակերպելու համար։