Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ անմիջական շփումները կարեւոր են, յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը շուէտական Dagens Nyheter թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ։
«Որքան ալ դժուար ըլլայ, սակայն ուղղակի շփումը կարեւոր է յատկապէս ճգնաժամի ժամանակ: Ես կ'ուզեմ, որ մեր յայտարարութիւնները անմիջապէս հասնին Ռուսիոյ նախագահին», - բացատրած է Շոլց:
Քաղաքական գործիչի խօսքով՝ այսպիսով ինք կ'ուզէ Ռուսիոյ առաջնորդին փոխանցել Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի վերաբերեալ Արեւմուտքի դիրքորոշումը։
Բացի այդ, Շոլց աւելցուցած է, որ հնարաւոր չի համարեր ոսկուայի հետ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորումը «տեսանելի ապագային»։
Աւելի վաղ Գերմանիոյ վարչապետը խօսած էր Փութինի՝ Գերմանիա այցի հնարաւորութեան մասին։ Շոլց ըսած է, որ դեռ չի մտածեր այդ մասին, սակայն մանրամասնած է, որ այցի նախապայմանները պիտի ըլլան Ուքրանիոյ պատերազմի դադարեցումը, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը։