image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Որպէսզի եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները դառնան բնականոն

Խմբագրական «Մասիս»ի. Որպէսզի եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները դառնան բնականոն

Հայաստանի համար այս բախտորոշ ժամանակաշրջանին եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները բնականոն չեն հիմնականին մէջ մէկ կողմի սխալ ու անհեռանկար դիրքորոշումներուն պատճառաւ: Ժամանակն է որ, Եկեղեցին հրաժարի իր քաղաքական պահանջներէն ու կեդրոնանայ ժողովուրդի հոգեւոր հարցերու լուծման վրայ: Մերձեցման առաջին քայլը վերապահուած է Վեհափառ Հայրապետին, որմէ ետք միայն  Եկեղեցի-պետութիւնը յարաբերութիւնները կրնան կամաց-կամաց վերադառնալ իրենց բնականոն հունին, որուն այնքան պէտք ունին մեր ազգն ու հայրենիքը:

 

 

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին  Բ.  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին գումարուած է  Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ընդլայնուած ժողովը, որուն աւարտին հրապարակուած է հաղորդագրութիւն, որուն մէջ եկեղեցական հարցերէն աւելի անդրադարձ կայ Հայաստանի ներքաղաքական իրադարձութիւններուն:

Բազմաթիւ անգամներ անդրադարձած ենք Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի վերջին տարիներու յայտարարութիւններու քաղաքական բովանդակութեան, որոնք կամ չեն համապատասխաներ իրականութեան եւ կամ ալ կը ներկայացուին աղաւաղուած ձեւով: Նմանատիպ յայտարարութիւնները սկսած են ծառայել մէկ նպատակի, որ է Հայաստանի ներկայ կառավարութեան բոլոր առած քայլերը քննադատել  եւ փորձել ժողովուրդին համոզել` դիրքորոշուելու իշխանութիւններուն դէմ:

Նախորդ երկու վարչակարգերուն օրով Հայաստանի դիմագրաւած բազմաթիւ խնդիրներուն ու ժողովուրդի ընդվզումներուն մասին ոչինչ չըսող հոգեւորականները, այսօր դարձած են քաղաքական գործիչներ ու իրենք իրենց կը վերապահեն իրաւունք` բոլոր հարցերու շուրջ դիրքորոշուելու իշխանութեան դէմ:

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը իր վերջին յայտարարութեան մէջ դիտել կու տայ, որ եկեղեցի-պետութիւն «ոչ-բնականոն յարաբերութիւններուն պատճառով լուծման կարօտ մնացած են ազգային-հոգեւոր նշանակութեան շարք մը առանցքային հիմնախնդիրներ», փորձելով ձգել այն տպաւորութիւնը թէ ատոր պատասխանատուն եւս իշխանութիւններն են:

Յիշողութիւնները թարմացնելու համար նշենք այն զարգացումները, որոնց պատճառաւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները  հասան իրենց ներկայ անբաղձալի վիճակին: 44-օրեայ պատերազմի աւարտին, երբ ընդդիմութիւնը փողոց դուրս եկած էր պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը եւ յստակ էր, որ ժողովուրդը կը մերժէր միանալ նախորդ` փտած համակարգի գլխաւորած շարժումին, Մայր Աթոռը ինք հասաւ ընդդիմադրութեան օգնութեան`  միանալով վարչապետի հրաժարականի պահանջին: Ընդդիմութիւնը եւ Մայր Աթոռը ձախողեցան իրենց նպատակին մէջ` շնորհիւ Հայաստանի ժողովուրդի քաղաքական հասունութեան: Փաշինեան շարունակեց պաշտօնավարել, մինչեւ այն պահը երբ որոշուեցաւ կազմակերպել խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ: Այդ տեղի ունեցաւ պատերազմէն ութը ամիս ետք` 2021-ի Յունիսին: Ընտրութիւնները տեղական ու միջազգային դիտորդներու կողմէ գնահատուեցան ժողովրդավարական եւ ազատ:  Իշխող ուժը ստացաւ Խորհրդարանի տեղերու մեծամասնութիւնը եւ Փաշինեան վերընտրուեցաւ վարչապետի պաշտօնին:

Կը կարծուէր թէ, այդ պահէն սկսեալ, երբ Հայաստանի հանրութիւնը ըսած էր իր խօսքը, եկեղեցւոյ համար փակուած պիտի ըլլար վարչապետի հրաժարականի հարցը, սակայն դժբախտաբար այդպէս չեղաւ պարագան: Անկէ ետք եւս Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց մնալ Վարչապետի հրաժարականի իր պահանջին վրայ: Աւելին, ընդդիմութեան կազմակերպած ցոյցերուն, որոնց ընթացքին կը հնչէին նաեւ բռնութեան կոչեր, ներկայ կ’ըլլային բարձրաստիճան եկեղեցականներ` ունենալով բոցաշունչ ելոյթներ: Այս բոլորին դիմաց, երկրի ղեկավարութեան կողմէ չտեսանք հրապարակային վիրաւորական որեւէ խօսքեր Եկեղեցւոյ ու անձնապէս Վեհափառի հասցէի:

Հայաստանի համար այս բախտորոշ ժամանակաշրջանին եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները բնականոն չեն հիմնականին մէջ մէկ կողմի սխալ ու անհեռանկար դիրքորոշումներուն պատճառաւ: Ժամանակն է որ, Եկեղեցին հրաժարի իր քաղաքական պահանջներէն ու կեդրոնանայ ժողովուրդի հոգեւոր հարցերու լուծման վրայ: Մերձեցման առաջին քայլը վերապահուած է Վեհափառ Հայրապետին, որմէ ետք միայն  Եկեղեցի-պետութիւնը յարաբերութիւնները կրնան կամաց-կամաց վերադառնալ իրենց բնականոն հունին, որուն այնքան պէտք ունին մեր ազգն ու հայրենիքը:

Գ. Խոտանեան

Նիւթը՝ «ՄԱՍԻՍ»էն