Իրանը տրամադրուած է հետագային եւս ամրապնդելու յարաբերութիւնները Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային։
«Երկու երկիրներն ալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամներ են եւ շատ կարեւոր դեր կը խաղան միջազգային եւ տարածաշրջանային հարթակներու վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մէջ։ Բնականաբար, մենք լրջօրէն տրամադրուած ենք շարունակելու ամրապնդել յարաբերութիւնները այդ երկիրներուն հետ»,- նշած է ան ամէնշաբաթեայ ճեպազրոյցի ընթացքին։
Նշուած է, որ Իրանը կը խորհրդակցի Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ տարածաշրջանային օրակարգի շուրջ եւ մշտական կապի մէջ է Մոսկուայի ու Փեքինի հետ։