Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ սանձազերծուած պատերազմը թեւակոխած է երկրորդ շաբաթը: Արաբական Ծոցի ամբողջ տարածաշրջանը դարձած է պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմ: Նախագահ Տանոլտ Թրամփ կը յղէ հակասական պատգամներ` մերթ խօսելով յաղթանակի եւ պատերազմական գործողութիւններու մօտալուտ աւարտի մասին, եւ մերթ` ռազմական գործողութիւնները շարունակելու եւ Իրանի մէջ իշխանափոխութեան հասնելու մասին:
Մինչ ռմբակոծութիւններէն անմասն չմնացին իրանի սահմանակից Ատրպէյճանն ու Թուրքիան, Հայաստանը կը մնայ զերծ այդ բոլորէն ու կեանքը կը շարունակուի իր բնականոն կերպով: Սակայն, ռազմական գործողութիւններու երկարաձգումը կրնան երկիրը դնել նոր մարտահրաւէրներու առջեւ` տնտեսական, մարդասիրական ու քաղաքական առումներով:
Ամենէն գլխաւորը առեւտուրի ուղիներու խափանումն է, քանի որ Հայաստանի արտաքին առեւտուրին բաւական մեծ տոկոսը կ’անցնի Իրանի տարածքով: Առեւտուրի դադարումը Հայաստանի տնտեսութեան վրայ անկասկած պիտի ազդէ սղաճի եւ այլ ձեւերով, ինչպէս նաեւ կրնան դանդաղիլ իրանեան բեռնատարներու Հայաստան մուտքն ու ելքը: Իրանի հետ գոյութիւն ունեցող կազ` ելեքտրականութեան դիմաց համաձայնագիրը եւս կրնայ վտանգուիլ:
Եթէ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը յաջողին տապալել Թեհրանի կրօնապետութիւնը, ինչ որ քիչ հաւանական կը նկատուի, Իրան կրնայ մխրճուիլ քաղաքացիական պատերազմի մէջ, որուն կայծերը կրնան հասնիլ Հայաստան` ստեղծելով մարդասիրական ու անվտանգային տագնապներ: Մեծ թիւով գաղթականներու ժամանումով կառավարութիւնը պիտի յայտնուի նոր մարտահրաւէրի մը առջեւ, երբ տակաւին անլոյծ կը մնան 120 հազար Արցախէն ժամանած գաղթականներու ընկերային ու բնակարանային հարցերը:
Քաղաքական գետնի վրայ Հայաստան կը փորձէ վարել դիւանագիտական հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ: Իրանը Հայաստանի բարեկամ երկիր է, որուն հետ կապերը կենսական նշանակութիւն ունին: Միւս կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի հովանաւորութեամբ անցեալ տարուան Օգոստոս 8-ին Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը եւ «Թրամփի Ուղի» ծրագիրի մշակումը ու սպասուող ներդրումային միջավայրի ընդլայնումը ՀայաստանևԱՄՆ յարաբերութիւնները դրին նոր մակարդակի վրայ: Այս իրողութիւններուն առջեւ Երեւան կը փորձէ վարել նուրբ քաղաքականութիւն մը: Շատերու ուշադրութենէն չվրիպեցաւ այն հանգամանքը, որ Ամերիկայի ու Իսրայէլի հարուածներուն զոհ գացած Իրանի գերագոյն առաջնորդ` Ալի Խամինէի մահէն ետք, վարչապետ Փաշինեան իր ցաւակցութիւնը յղեց երկու օր ուշացումով: Թէեւ, նորընտիր առջնորդ` Մոժթապա Խամինէի շնորհաւորնքը կատարուեցաւ անմիջապէս:
Իրան, որ արդէն իսկ կասկածներ ունէր Հայաստանէն ներս Ամերիկայի ներգրաւածութեան կապակցութեամբ, վերջին իրադարձութիւններէն ետք շատ աւելի մեծ վերապահութիւններ պիտի արտայայտէ այդ ուղղութեամբ: Այս հարցով պաշտօնական Երեւանի կը փորձէ հաւաստիացնել, որ «Թրամփի Ուղին» սոսկ տնտեսական ծրագիր է եւ չունի ռազմական բնոյթ:
Ամերիկայի ժողովուրդի մեծամասնութիւնը դէմ կ’արտայայտուի այս պատերազմին, որուն նպատակը` շատերուն համար յստակ չէ: Ռազմական գործողութիւններու շուտափոյթ աւարտը Հայաստանի համար խիստ կարեւոր է, որպէսզի Իրանի հետ առեւտրային ու այլ կապերը շարունակուին անխափան ու այդպիսով կարելի ըլլայ այս տագնապէն դուրս գալ նուազագոյն վնասներով:
Գրիգոր Խոտանեան
03/13/2026