Յունուար 23-ին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Գեղարքունիքի մարզին մէջ: Ժամը 11:00-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան 9-11 ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է Ծովակ գիւղի գիւղապետէն, որ յայտնած է, որ Ծովակ բնակավայրի մօտակայքը՝ Սեւանայ լիճին մէջ, քաղաքացին ջրայեղձ եղած է, դին դուրս բերելու համար անհրաժեշտ է ջրափրկարարներու օգնութիւնը, հաղորդած է Shamshyan.com-ը:
Դէպքի վայր ժամանած են թիւ 34 հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն 1 մարտական հաշուարկ:
Քաղաքացիի որոնողական աշխատանքներուն մասնակցած են փրկարարները, ջրային պարեկներն ու քաղաքացիները:
Քանի մը ժամ տեւած որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ քաղաքացիները ափէն 300-400 մեթր հեռաւորութենէն ու մօտ 5 մեթր խորութենէն դուրս բերած են դին, ապա մօտեցուցած ափ, այնուհետեւ փրկարարները պատգարակով դին մօտեցուցած են դիատարին:
Դէպքի փաստով Վարդենիսի քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: