Մենք կ'աջակցինք Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան եւ մենք դէմ ենք սահմաններու որեւէ փոփոխութեան։ NEWS.am–ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին։
-Պարոն, դեսպան, Երեւանում ընթացող տնտեսական ցուցահանդէսի ժամանակ Դուք նշեցինք, որ Իրանը աջակցում է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեանը եւ քայլեր կը ձեռնարկի այդ ուղղութեամբ։ Ի՞նչ քայլեր նկատի ունէիք։
Մենք արդէն սկսած ենք ընել այդ քայլերը։ Մենք կ'աջակցինք Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան եւ մենք դէմ ենք սահմաններու որեւէ փոփոխութեան։ Մենք կ'աջակցինք Հայաստանի ինքնիշխանութեանն ու տարածքային ամբողջականութեանն այնպէս, ինչպէս կը ճանչնանք բոլոր երկիրներու ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը։ Մենք դէմ չենք հաղորդակցութեան ուղիներու բացման, մենք նման ուղիներ տրամադրեցինք նաեւ Ատրպէյճանին։ Բայց հաղորդակցութեան բոլոր ուղիները պէտք է ըլլան այն երկիրներու տիրապետութեան տակ, որոնց տարածքին կը գտնուին, յատկապէս Հայաստանի պարագային։
-Բայց եթէ Ատրպէյճանը փորձէ ուժով բանալ այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքը, ինչ կ'ընէ Իրանը, ի՞նչ օգնութիւն կրնայ տրամադրել Հայաստանին։
Ինչպէս ըսի, մենք կ'աջակցինք հաղորդակցութեան ուղիներու բացման, բայց ատոնք պէտք է ըլլան Հայաստանի կառավարութեան տիրապետութեան տակ։ Ոչինչ ուժով կը փոխուի։
-Իրանը քայլեր կը ձեռնարկի նման զարգացում թոյլ չտալու համար։
Երբ ես կ'ըսեմ՝ Իրանը կ'աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեանն ու տարածքային ամբողջականութեան, ամէն բան պարզ է կը դառնայ։