Այդ փուլին էր, որ հայկական շրջանակները կարեւոր անցում կատարած էին դէպի հայկական երգն ու արուեստը եւ այդ առումով հիմնաւոր դեր կատարած են Լեւոն Գաթըրճեան, Փօլ Պաղտատլեան, Մանուէլ Մենենկիչեան, Ատիս Հարմանտեան, Վաչէ Մկրտիչեան Յովիկ Գրիգորեան եւ բազմաթիւ այլ անուններ, որոնք տքնաջան աշխատանքով կարողացան նոր եռանդ եւ յոյզ բերել հայերէն երգարուեստին։
Օրերս Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանահայ էսթրատայի սիրուած անուններէն մին՝ Սիմոն Արթինեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց համացանցէն։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Արթինեան կը համարուէր Պէյրութի հայկական միջավայրին մէջ վաստակ շահած երգիչ մը, որ կը պատկանի հայկական երգին նոր փայլ տուած սերունդի շնորհալի անուններէն մին։
Այդ փուլին էր, որ հայկական շրջանակները կարեւոր անցում կատարած էին դէպի հայկական երգն ու արուեստը եւ այդ առումով հիմնաւոր դեր կատարած են Լեւոն Գաթըրճեան, Փօլ Պաղտատլեան, Մանուէլ Մենենկիչեան, Ատիս Հարմանտեան, Վաչէ Մկրտիչեան Յովիկ Գրիգորեան եւ այլ բազմաթիւ անուններ, որոնք տքնաջան աշխատանքով կարողացան նոր եռանդ եւ յոյզ բերել հայերէն երգարուեստին։
Այդ երգիչներու փառքն էր, որ հասաւ մինչեւ հեռաւոր ամերիկաներ, որ խորքին մէջ ալ ինչ որ տեղ ծառայեց հայապահպանութեան գործին։
Աւարտին մեր ընթերցող հասարակութեան յիշեցնենք, որ Սիմոն Արթինեան ծնած էր Պէյրութ 1950-ին եւ հանգուցեալին վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը կատարուած է 11 ապրիլ 2024-ին Պէյրութի մէջ։