image

Ազգային Ժողովէն ներս մեծ լարում. Լարումը երեւելի դարձաւ Արթուր Սարգսեանի ելոյթէն ետք (Տեսանիւթ)

Ազգային Ժողովէն ներս մեծ լարում. Լարումը երեւելի դարձաւ  Արթուր Սարգսեանի ելոյթէն ետք (Տեսանիւթ)

Թող ես անձնապէս պարտութիւն կրէի, բայց Արցախը ըլլար հայկական, թող ես անձնապէս պարտութիւն կրէի, բայց հարիւր հազարաւոր մեր հայրենակիցներ իրենց հարազատներու գերեզման երթալու հնարաւորութիւն ունենային, թող ես անձնապէս պարտութիւն կրէի, բայց հազարաւոր հերոսներ ողջ ըլլային։ Այս մասին այսօր՝ յուլիս 8–ին, Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստին յայտարարած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Սարգսեանը, որու նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու եւ կալանաւորելու համաձայնութիւն տալու մասին միջնորդագիրը կը քննարկուի։

Ան նշած է, որ արդէն ամէն ինչ որոշուած է, ամէն ինչ յստակ է, անձեռնմխելիութենէ զրկելու  կալանաւորելու որոշումն ալ կայ. «Ես այս թանկ ժամանակը, որ պէտք է անցկացնեմ այստեղ, որոշել եմ գնամ, իմ անչափահաս 4 երեխաների, տիկնոջ հետ գնամ եկեղեցի, մոմ վառեմ ու գնամ քննչական։  Ցտեսութիւն։ Գնացինք ժողովուրդ ջան,  ձեր ցաւը տանեմ»։

Ընդդիմադիր պատգամաւորները ծափահարեցին Արթուր Սարգսեանին։

Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանն ըսած է. «Եթէ ճիշդ եմ հասկանում, հրաժարւում էք  հարցերին պատասխանելուց։  Հասկանալի որոշում է»։  

Այնուհետեւ իավիճակը լարուած է Ազգային Ժողովէն ներս, պատգամաւորները սկսած են քաշքշել զիրար։ Ռուբինեանը յայտարարած է ընդմիջում։ Ներս մտած են անվտանգութեան աշխատակիցները։

«Հայաստան» խմբակցութենէն Քրիսթինէ Վարդանեանը ուղիղ եթերով ցուցադրած է քաշքշուքը եւ նշած. «Երբ Արթուր Սարգսեանը յայտարարեց, որ ուզում է իր ազատութեան մէջ գտնուելու մի քանի ժամն անցկացնի ընտանիքի հետ եւ դուրս էր գալիս դահլիճից, նրա յետեւից վազեց ՔՊ–ական Վահէ Ղալումեանը, որ յարձակուի նրա վրայ»։ Ան նաեւ ցուցադրած է անծանօթ մարդիկ, որոնք այդ պահուն մտած են Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճ։