Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շէնքը՝ 205-ամեայ կրթօճախը, որու մէջ երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան երաշխաւորման նպատակով շրջանէ մը ի վեր վերանորոգման եւ ամրակայման աշխատանքներ կը կատարուէին, պատրաստ է դիմաւորելու 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանը։
Այն այժմ կը համապատասխանէ երկրաշարժի դէմ պայքարի գործող կանոնակարգերուն։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին կողմէ խմբագրութեանս ղրկուած հաղորդագրութենէ մը կը տեղեկանանք որ 205ամեայ կրթօճախը պատրաստ է դիմաւորելու 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանը։
Վարժարանի շէնքը մանրակրկիտ քննութիւններէ անցած է եւ ըստ ստացուած տեղեկագրին, կը համապատասխանէ երկրաշարժի դէմ պայքարի գործող կանոնակարգերուն։
Ինչպէս ծանօթ է, ֆրանսահայ Ռոնի Քօլուքըսայեան շուրջ ամիս մը առաջ հեծելանիւով ճամբայ ելաւ դէպի Թուրքիա, Իսթանպուլ, աջակցութեան արշաւ մը բանալով ի նպաստ Լեւոն Վարդուհեան վարժարանին։
Ռոնի 30 Յունիսին իր ճամբորդութեան սկսաւ Կրենոպըլ քաղաքէն եւ 29 օրուայ ընթացքին անցնելով 7 երկիրէ եւ հասնելով Աթէնք, աւարտին հասցուց ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը։ Ան 29 Յուլիսին ձեռնարկեց 2րդ հանգրուանին՝ Աթէնքէն Իսթանպուլ հասնելու համար։ Յառաջիկայ 3 Օգոստոսին, Ռոնի պիտի վերջացնէ 34օրեայ ճամբորդութիւնը։
Կիրակի, 3 Օգոստոսին Ռոնի պիտի հիւրընկալուի Լեւոն Վարդուհեան վարժարանի մէջ։ Այդ օր նախատեսուած է հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին բացատրութիւններ պիտի տրուին դպրոցի վերանորոգութեան գործընթացի մասին, ընդունելութիւն պիտի սարքուի եկեղեցւոյ սրահին մէջ եւ հրապարակաւ շնորհակալութիւն պիտի յայտնուի ֆրանսահայ Ռոնի Քօլուքըսայեանին։