image

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդը այցելեց Լաթաքիոյ քաղաքական հարցերու վարչութեան տնօրէնին

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդը այցելեց Լաթաքիոյ քաղաքական հարցերու վարչութեան տնօրէնին

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, իրեն ընկերակցող պատուիրակութեամբ, օրերս, Լաթաքիա հովուական այցելութեան ընթացքին հանդիպեցած է ծովափի շրջանի քաղաքական հարցերու վարչութեան տնօրէնին։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ ատոր մասին տրուած լրատւութիւնը՝

Շաբաթ, 26 Յուլիս 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, իրեն ընկերակցող պատուիրակութեամբ, հովուական այցելութեան ընթացքին հանդիպեցաւ ծովափի շրջանի քաղաքական հարցերու վարչութեան տնօրէն Իյէտ ալ-Հազզաաին։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ տնօրէնի օգնական Ռաաֆաթ Ճիլօ։

Սրբազան Հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմին զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ պետութեան, կարեւոր համարելով միասնութեան ամրագրումը։

Սրբազան Հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ Աւօ Կարպուշեան, Քեսապի թաղական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Լնդեան եւ Լաթաքիայէն տիարք Մկրտիչ Էքմէքճեան եւ Գէորգ Գաթրճեան։