image

Թրամփ-Փութին հանդիպումը կրնայ կայանալ արաբական երկրի մը մէջ

Թրամփ-Փութին  հանդիպումը կրնայ կայանալ  արաբական երկրի մը մէջ

Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի գագաթնաժողովը կրնայ տեղի ունենալ արաբական երկիրներէն մէկուն մէջ:

«Քննարկուած են հնարաւորութիւններ արաբական երկիրներէն մէկուն մէջ»,-ըսած է «ԹԱՍՍ»ի զրուցակիցը։

Նշենք, որ աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ԱՄԷ-ն անուանած է ԱՄՆ նախագահ Տանըթտ Թրամփի հետ իր հանդիպման համար յարմար վայրերէն մէկը։