image

Սուրիոյ քրիստոնեաները դէպի ո՞ւր...

Սուրիոյ քրիստոնեաները  դէպի ո՞ւր...

Շուրջ ամիս մը առաջ Սուրիոյ մայրաքաղաքը իրողապէս կը ցնցուէր արիւնալի ահաբեկչութեան մը հետեւանքով։ 

 Երկու զինեալներ մուտք կը գործէին Դամասկոսի  «Տուայլա» շրջանին մէջ գտնուող «Մար Էլիաս» («Սուրբ Եղիա»),աջ ու ձախ կը կրակէին, ապա նախազգալով, որ յայտնուած են անել կացութեան մը առջեւ իրենք զիրենք կը պայթեցնէին օգտագործելով իրենց մէջքերուն դրուած ուժանակները։ 

  Կը զոհուէին 25 անձեր, վիրաւորներու թիւը կը յատէր 50-ը ու անկէ անդին ալ եկեղեցւոյ մէջ տիրող արիւնալի դրութիւնը բոլորին կը յուշէր Սուրիան բզիկ-բզիկ ըրած քաղաքացիական պատերազմի օրագրութեան եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու վերաբերեալ առկայ մտահոգութիւններու իրաւացիութեան մասին։

  Այս զազրելի ահաբեկչութիւնէն ետք, Սուրիան դարձեալ կը վերադառնար Միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոն։ Խօսքը միայն Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած ոճրային ահաբեկչութեան մասին չէր անշուշտ, այլ այդ  ահաբեկչութեան զուգահեռ լսելի դարձող հարցադրումներուն ու նաեւ մտահոգութիւններուն մասին։ 

 Աւելի ուշ այս անգամ կրակոց մը «կը խանգարէր» Լաթաքիա քաղաքի անդորրը, որուն մասին շարք մը վերլուծաբաններ կարծիք կը յայտնէին, թէ «անմիջական» կապ ունի Դամասկոսի ոճրային արարքին հետ։

Մանրամասնութիւններուն մէջ (Ըստ «Ալ Մարսատ ալ սուրի» կայքին) անծանօթներ կրակ կը բանային են Լաթաքիոյ «Մար Թաքլա» («Սուրբ Թաքլա») անունը կրող եկեղեցիին ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով ալ եկեղեցիի պահակ հանդիսացող տղամարդը տեղւոյն վրայ կը սպաննուէր։

Եթէ պատահարը տեղի ունեցած ըլլար պահու մը, որ ընդհանրապէս քրիստոնեաներու թեման օրակարգի վրայ չէ Սուրիոյ մէջ, հաւանաբար ոչ ոք պիտի անդրադառնար այս լուրին։

 Վերադառնալով Դամասկոսի ոճրային արարքին ապա հարկ է նշել, որ դէպքը դատապարտման մեծ ալիքի մը պատճառ կը դառնար, ու մէկէ աւելի քրիստոնեայ առաջնորդներ բաւական «խիստ» գնահատականներով հանդէս կու գային։

 Անոնցմէ էր անշուշտ (գլխաւորը երեւի) Յոյն ուղղափառ համայնքի Պատրիարք Եուհաննա Ժ. Եազըճին, որուն խօսքին սլաքները անմիջապէս կ՚ուղղուէին դէպի Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները։ 

Ճիշդ է, որ Պատրիարք Եազըճի առաջին անգամը չէր, որ նման «լեղի» խօսքեր կը հնչեցնէր, սակայն այս անգամ ի տարբերութիւն անցեալի խօսքերուն, ան իր «նետեր»ուն թիրախ կը դարձնէր ոչ միայն Սուրիոյ հաւաքական կառավարութիւնը, այլ յատկապէս Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Ալ Շարըհը։

 Պատրիարքն ըստ երեւոյթին «յոգնած» էր սոսկ դատապարտական խօսքեր հնչեցնելէ ու ան իր խօսքը Շարըհին ուղղելով կ՚ըսէր՝ « Պարոն նախագահ այս օրը, սուգի այս օրը լոկ սուգ մը չէ քրիստոնեաներուն համար, այլ սուգ է մեր կառավարութեան համար եւ կառավարութեան ձախողման համար...»։

 Երեւելի է անշուշտ, որ համբերութեան բաժակը լեցուած է Սուրիոյ քրիստոնեայ առաջնորդներուն մօտ, ու Պատրիարքի խօսքերը պէտք է դիտարկել միայն ու միայն այդ տրամաբանութեամբ։

 Անկախ անկէ, թէ ինչ կրնայ ընել, կամ ինչ կուզէ ընել Պատրիարքը պահպանելու համար իր հաւատացեալ հօտին անվտանգութիւնը, յստակ է, որ նման յայտարարութիւնները հեշտութեամբ «պիտի չմարսուին» Սուրիոյ իշխանութիւններուն ու մանաւանդ նախագահ Ահմատ Ալ Շարըհի կողմէ...

 Ու այդ չմարսելն արդէն պատճառ կրնայ դառնալ (ու հաւանաբար պիտի դառնայ), որ Սուրիոյ հիմնական քաղաքներու քրիստոնեաները՝ Դամասկոսի, Հալէպի, Հոմսի, Համայի եւ Լաթաքիոյ քրիստոնեաները թիրախ դառնան ամենատարբեր գրոհներու...։

 Այս փուլին Սուրիոյ հայ համայնքի կրօնական պատասխանատուները ապահով եմ, աւելի «խոհեմ» դուրս եկան, ու կը շարունակեն պահել-պահպանել «դատապարտող» եւ զուսպ «լռութիւն»ը։ 

 Սուրիոյ քրիստոնեաներն այսօր անզօր ու մինակ են։ Մինակ են եւ «լքուած» իրենց ճակատագրին ու յստակ է, որ արեւմուտքի կողմէ հնչող բոլոր հաւաստիացումները, որ «ոչ ոք Ձեզի պիտի մօտենայ» առ ոչինչ են, այն սպառնալիքներուն եւ մահասարսուռ դէպքերուն դիմաց, որոնց հանդիսատեսը դարձանք անցնող օրերուն։

 Ու այս բոլորի կողքին անշուշտ չի բացառուիր, որ Սուրիայէն գաղթի նոր ալիք մը գոյանայ եւ այդ ալիքի «առաջատարներ»ը քրիստոնեաները ըլլան, որոնց հեռացումով Սուրիան պիտի դառնայ , աւելով «միատեսակ » եւ աւելիով իր իսկական պարունակէն դատարկուած երկիր մը։

Այստեղ չմոռնամ յիշեցնել, որ անցեալ Մայիսին Սուրիոյ նախագահը այցելութիւն մը կուտար դէպի Փարիզ։ Ան «ջերմ» ընդունելութեան մը արժանի կը դառնար նախագահ Էմաննուէլ Մաքրոնին կողմէ, եւ աւելի ուշ լրատուական ծառայութիւններ եղած հանդիպումը մեկնաբանելու պահուն կը հաղորդէին, որ երկու առաջնորդներու քննարկումներուն մէջ կարեւոր տեղ տրուած է Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն ու յատկապէս այդ փոքրամասնութիւններու անվտանգութիւնը ապահովելու մասին Ֆրանսայի նախագահը թելադրական խօսք հնչեցուցած է, բայց եւ այնպէս յստակ է, որ մինչեւ այս պահը  այդ առումով ոչ մէկ յստակ «հաւաստիացում», խոստում կամ զօրակցութիւն չեն ունեցած այդ համայնքները։

 Կերպով մը թողլքուած են իրենց ճակատագրին, այն պահուն, երբ Սուրիոյ իշխանութիւններուն առջեւ ցցուած են տասնեակ հիմնահարցեր, որոնց լուծումը կը պահանջէ, ոչ միայն քաղաքական կամք, այլ լուծումները գործադրելու կամ նոյնիսկ պարտադրելու իսկական ներուժ մը, որ այս ժամանակներուն տակաւին երեւելի չէ։

 

Շարըհի վիճակը «մտահոգի՞չ»

 Այս բոլորին զուգահեռ լրատուական աղբիւրներ իրար հերթ չտալով կը գրէին այն մասին, որ Սուրիոյ գործող նախագահ Ահմատ Ալ Շարըհ մահափորձի ենթարկուած է։ 

 Դէպքը տեղի ունեցած է այն օրը, երբ Շարըհ (գրեթէ տաս օր առաջ) այցելութիւն կու տար դէպի Իտլիպ։

Ի դէպ նախագահ Շարըհի կտրուածքով յստակ է, որ ԱՄՆ դրած է որոշակի պայմաններ եւ այդ պայմանները կապ ունին, թէ Ահմատ Ալ Շարըհ ի վերջոյ պիտի կարողանա՞յ Սուրիա ժամանած «իսլամիստ» եւ ծայրայեղ հանդիսացող խվմբաւորումներուն «ձեռքերը կոտրել» եւ զանոնք «միաձուլել» տակաւին սաղմնային վիճակի մը մէջ գտնուող երկրի բանակային ուժերուն մէջ թէ ոչ...։ Յստակ է, որ Ահմատ Ալ Շարըհ պիտի ուզէ «վայրկեան առաջ» ձերբազատուիլ ու փակել «Ռատիքալիստ» խմբաւորումներուն մէջ, սակայն ինչպէս վերը նշած եմ, նման պարագաներու փափաք ունենալը բան մըն է, իսկ այդ փափաքը գործի վերածելը, բոլորովին այլ բան։ ԱՄՆ-ի բարձր ղեկավարութեան համար (գլխաւորութեամբ նախագահ Տանըլտ Թրամփի) Սուրիան պիտի ունենայ կեդրոնական  դեր եւ տեղ։

 Տնտեսական մեծ համաձայնութիւններ պիտի կնքուին, երկիրը նոր թափ պիտի ստանայ եւ այս բոլորին առաջին ցուցանիշը Սուրիոյ դէմ եղած պատժամիջոցներու ջնջումն է, որուն մեկնարկը տուաւ Թրամփ քանի մը օր առաջ։

 Հոս նաեւ կայ էական հարցազրում մը, որ ինքզինք կը պարտադրէ բոլոր գետիններուն վրայ։ Ինչքանով կարեւոր են Սուրիոյ ոչ իսլամ համայնքները եւ այդ առումով ալ ԱՄՆ, որ այսօր կը ուշի-ուշով կը հետեւի Սուրիոյ մէջ ընթացք առաջ գործընթացներուն, ինչքանով կրնայ ապահովել քրիստոնէական համայնքներու անվտանգութիւնը։

Օրը ցերեկով մարդիկ կը զոհուին, միայն այն պատճառով, որ կիրակնօրեայ իրենց պաշտամունքին գացած են։

 Գացած են մոմ մը վառելու համար, զԱստուած փառաբանելու, իրենց նախնիները յիշելու ու նաեւ այդ երկրին մէջ իրենց կեանքը շարունակելու յոյսով։ 

 Բայց եկուր տես, որ գետնի վրայ ընթացող իրողութիւնները, եւ հասարակութեան մէջ առկայ խմորումները, (Այդ հասարակութեան մէջ «ներարկուած» հատուածին մասին է խօսքը) նոյն կերպ չեն մտածէր։ 

 Անոնց համար, անոնց մտքին մէջ, անոնց ընկալումներուն մէջ Սուրիան այլ «տինամիզմ»ով պէտք է ապրի։ Ու հոս է անշուշտ, որ քաղաքակրթական բախման յենակէտները կը դրուին, որովհետեւ Սուրիան ցարդ չունի կեդրոնական ուժեղ կառավարութիւն։ Ու այդ պայմաններուն մէջ ահա, դարձեալ գլուխ կը ցցէ ահաբեկչութիւն կոչուած հրէշը, որ խորքին մէջ չունի կրօն կամ հաւատալիք։

 Ահա այս դրութեան առջեւ կանգնած են Սուրիացիները, Սուրիոյ փոքրամասնութիւնները, բայց մանաւանդ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքները, որուն մէջ ալ կարեւոր ու արժանի տեղ մը կը զբաղեցնեն Սուրիոյ մեր հայ քոյրերն ու եղբայրները։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...