Համաշխարհային ճանաչում վայելող փոփ երգչուհի Ճենիֆըր Լոփեսի երեւանեան մենահամերգին միայն արտերկրէն 15 հազար երկրպագու պիտի մասնակցի:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է «Տոփինկ Սփէյս» ընկերութիւնը, որ կը զբաղի մենահամերգի կազմակերպմամբ:
«Համերգի այցելուներէն միայն 15 հազարն արտերկրէն է: Այդ է պատճառը, որ մօտակայ օրերուն Երեւանի մէջ ազատ հիւրանոց չկայ։ Հայաստան ժամանած հիւրերու մէկ մասն ալ տեղակայուած է Ծաղկաձորի ու Սեւանի հիւրանոցներուն մէջ։ Բագրատաշէնի անցակէտին մօտ Հայաստան այցելողներու մեծ հոսք կայ, որ խցանումներու պատճառ դարձած է»,-նշած են ընկերութենէն:
Ճենիֆըր Լոփեսի համերգը տեղի պիտի ունենայ օգոստոս 3-ին, Վազգէն Սարգսեանի անուան մարզադաշտին մէջ։