Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ առաջիկայ հանդիպման վերաբերեալ գրառում ըրած է՝ նշելով, որ անհամբերութեամբ կը սպասէ Սպիտակ տան մէջ խաղաղութեան պատմական գագաթնաժողովին անոնց հիւրընկալելուն:
«Այս երկու երկիրները տարիներ շարունակ պատերազմի մէջ եղած են, որու հետեւանքով զոհուած են հազարաւոր մարդիկ։
Ալիեւը եւ Փաշինեանը պիտի միանան ինծի Սպիտակ տան մէջ՝ խաղաղութիւն կնքելու պաշտօնական արարողութեան: Միացեալ Նահանգները նաեւ երկկողմ համաձայնագրեր պիտի ստորագրէ երկու երկիրներու հետ՝ տնտեսական հնարաւորութիւնները համատեղ օգտագործելու համար, որ մենք կարողանանք բացայայտել Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի ամբողջ ներուժը:
Ես շատ հպարտ եմ այս խիզախ առաջնորդներով, անոնք ճիշդ կը վարուին՝ ի շահ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մեծ ժողովուրդներու։ Սա պատմական օր պիտի ըլլայ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի համար»,- գրած է ան։
Թրամփ նաեւ նշած է, թէ իրմէ առաջ բազմաթիւ ղեկավարներ փորձած են վերջ դնել պատերազմին, «բայց ապարդիւն»։ Սպիտակ տան ղեկավարը տեղեկացուցած է, որ իր վարչակազմը բաւական ժամանակ կապի մէջ եղած է երկու երկիրներու հետ։