image

Վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ խումբ մը պոլսահայերու հետ (Տեսանիւթ) 

Վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ խումբ մը պոլսահայերու հետ (Տեսանիւթ) 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Իսթանպուլի մէջ հանդիպած է տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ։ Այս մասին յայտնած են կառավարութենէն։

Հաղորդագրութեան մեջ նշուած է, որ վարչապետը հանդիպման ժամանակ կարեւորած է Թուրքիա կատարած աշխատանքային այցը՝ ընդգծելով, որ այն իրականութիւն դարձած է վերջին շրջանին Թուրքիոյ հետ աշխուժացած երկխօսութեան շնորհիւ։ Ան նշած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ նախատեսուած հանդիպման կարեւորութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ այն նոր ազդակ կը հաղորդէ երկկողմ յարաբերութիւններուն։

Փաշինեանի խօսքով՝ այցի հիմքը Հայաստան-Թուրքիա միջպետական յարաբերութիւններն են, իսկ ընթացող գործընթացը յարաբերութիւններ հաստատելու օրակարգ է, որ կը բխի երկու երկիրներու շահերէն։ Միաժամանակ, վարչապետ Փաշինեանը շեշտած է Թուրքիոյ հայ համայնքի դերը՝ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման եւ երկխօսութեան խորացման գործընթացին մէջ։

Վարչապետը պատասխանած է հանդիպման մասնակիցներու հարցերուն, որոնք վերաբերած են այսօրուան այցին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած քայլերուն, տարածաշրջանային զարգացումներուն, «Իրական Հայաստան» գաղափարախօսութեան եւ շարք մը այլ թեմաներու։