image

Սիտնի. Նուիրեալ Դաշնակացական Պետիկ Գայսէրեանի կորուստը

   Սիտնի. Նուիրեալ Դաշնակացական Պետիկ Գայսէրեանի կորուստը

 Սիտնիի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Աւստրալիոյ ՀՅԴ ընտանիքի յարգուած եւ հիմնադիր անդամներէն՝ Պետիկ Գայսէրեանը։

 Գոյժին մասին իմացանք Աւստրալիոյ ՀՅԴ պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ հրապարակուած մահագրականը՝

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն եւ Հիւսիսային Սիտնիի «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ անդամ՝ Ընկեր Պետիկ Գայսէրեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ 1 Օգոստոսի առաւօտեան ժամերուն:

Ընկեր Պետիկ որպէս գաղափարական ընկեր իր նուիրական ծառայութեամբ օրինակ հանդիսացաւ բոլորին: Իր կեանքը՝ Դաշնակցութեան եւ Աւստրալահայ գաղութին համար եղաւ համակ նուիրում ու զոհողութիւն:

Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ 8 Օգոստոս 2025-ին առաւօտեան ժամը10:00-ին, Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Թաղման կարգը պիտի կատարուի Macquarie Park գերեզմանատան մէջ, որուն պիտի յաջորդէ հոգեսուրճ Wallumatta սրահէն ներս:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Պետիկի ընտանիքին, հարազատներուն եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն:

 

 

Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալը   «Արեւելք»ի բարեկամներէն՝ Հայկ Գայսէրլեանի հայրն է, որուն  ալ կը յղենք մեր սրտակցական ցաւակցութիւնները։