image

Լոս Անճըլըս.Խումբ մը երիտասարդներ միացան ՍԴՀԿ Շարքերուն

  Լոս Անճըլըս.Խումբ մը երիտասարդներ միացան  ՍԴՀԿ Շարքերուն

Լոս Անճըլըսի «Մասիս» պարբերականէն կը կարդանք՝ 

 

Յուլիս 19-ին կայացած յատուկ արարողութեան մը ընթացքին խումբ մը երիտասարդներ հետեւելէ     ետք դաստիարակչական դասընթացքներու, Հնչակեան կարմիր  դրօշին վրայ երդում տալով միացան Կուսակցութեան շարքերուն՝ ուխտելով հաւատարիմ մնալ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան գաղափարաբանութեան ու անշեղ ու աննահանջ ոգիով ծառայել անոր ազգային, քաղաքական ու հասարակական առաջադրանքներու իրագործման ու ծառայել ազգին ու հայրենիքին։

Երդման արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունենալով նորընծայ կուսակցականերուն շնորհաւորեցին  ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ․ Վարդան Քորողլեանն ու ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մամնինի ատենապետ Ընկ․ Միհրան Խաչատուրեանը։

Ամերիկածին երիտասարդներու  անդամակցութեամբ կ՛ապահովուի ՍԴՀԿ-ի սերնդափոխութիւնը ու շարունակականութիւնը այս ափերուն վրայ՝ յառաջիկայ տասնամեակներուն եւս։

Երդման արարողութեան յաջորդեց խրախճանք, որուն ընթացքին ազգային ու հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցած տաղանդաւոր արուեստագէտներ՝ Յարութ Յակոբեանն ու Սագօ Կարապետեանը։