image

Մահացած է Հայր Յարութիւն Վրդ. Արշինաքը. Հանգուցեալ վարդապետը երկար տարիներ ծառայած էր Հասիչէի մէջ

 Մահացած է Հայր Յարութիւն Վրդ. Արշինաքը. Հանգուցեալ վարդապետը երկար տարիներ ծառայած էր Հասիչէի մէջ

 «Արեւելք», (Հասիչէ) Օրերս  իր մահկանացուն կնքած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վաստակաշատ սպասաւորներէն՝ Հայր Յարութիւն Վրդ. Արշինաք։ Ան իր հաւատարիմ ծառայութիւնը նուիրած էր Սուրիոյ Ճեզիրէի շրջանի Հայ Կաթողիկէ թեմին՝ քառասունհինգ տարիներու ընթացքին։

Հայր Յարութիւնը ծնած էր 1952 թուականին, Հասիչէի հայաբնակ «Հայ գիւղ»ին մէջ։ Ձեռնադրուած էր թուականի 22 Յունիս 1980-ին յերջանկայիշատակ Եպս. Գրիգոր Այվազեանի ձեռամբ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տօնին օրը։ Իր մահը տեղի ունեցած 29 Յուլիս 2025-ին ուղեղային կաթուածի պատճառով։

 Այդ շրջաններուն մէջ ծանօթ ու սիրուած՝ Հայր Յարութիւնը երկար տարիներ ծառայեց Տէր Զօրի եւ շրջակայ գաւառներու ծխական համայնքներուն։ Ան միշտ աչքի ինկած էր իր խոնարհութեամբ, աղօթքով, ժպիտով եւ կարիքաւորներուն նկատմամբ սրտացաւ վերաբերմունքով։

Այս առթիւ, խորին վշտակցութիւն յայտնած է Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Գերշ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեան, իր գրութեան մէջ նշելով․

«Մենք կը հրաժեշտ տանք հաւատարիմ հոգեւորական մըն՝ որ իր ամբողջ կեանքը լռին նուիրումով ծառայեց աղօթքի, յոյսի եւ եկեղեցւոյ ուղիով։ Իր վկայութիւնը պիտի շարունակէ փայլիլ եւ հաւատքի սերմեր ձգել մեր մէջ»։

 Հանգուցեալին յարգանքի տուրք մատուցած են նաեւ Ճեզիրէի եւ Եփրատի թեմի Առաջնորդ Սրբազան. Տ. Անդրանիկ Այվազեան, տեղւոյն հոգեւորականներ, ընտանիքի անդամներ եւ քոյրը՝ միանձնուհի Ֆատիա Արշինաք։

Հայր Յարութիւն վարդապետի նուիրեալ կեանքին եւ ծառայութեան յիշատակը պիտի մնայ մշտայիշելի։ Թող հանգչի արդարներուն հետ։

Այս առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք վարդապետի ընտանեկան   պարագաներուն եւ յատկապէս մեր թերթի  բարեկամ՝  Տիար Միշէլ Արշինաքին։