ՀԲԸՄ-ի «Հայկական առցանց համալսարան»ը օրերս մասնակից դարձած է «Հայերէն եւ հայերէն» քննարկումին։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց համացանցէն։
Ինչպէ՞ս կը դասաւանդուի հայերէնը աշխարհի տարբեր համայնքներու եւ կրթական հաստատութիւններուն մէջ։ Այս հարցադրումով կայացած է Հայքընեքթ հարթակի վերջին միջոցառումը՝ «Հայերէն եւ հայերեն. Teaching Armenian in the Diaspora» խորագրով։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ HyeConnect հարթակէն՝ առցանց հայկական ցանց մը, որ կը միաւորէ, կը ներգրաւէ եւ կը զօրացնէ հայութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ։
Քննարկման հրաւիրուած էին չորս փորձագէտներ՝ Աննա Չոքեքչեան (Աւստրալիայէն), Սօսի Միշոյեան (ԱՄՆ-էն), Վարդան Թաշճեան (Լիբանանէն) եւ Զեփիւռ Ղպլիկեան (Հայաստանէն)։
Աշխարհի տարբեր անկիւններէն 60-է աւելի մասնակից միացած է առցանց հանդիպուման, որ տեւած է աւելի քան երեք ժամ։ Զրոյցը արժէքաւոր փորձի փոխանակման եւ հայերէնի ապագայի շուրջ խորհրդածութեան առիթ դարձած է։
Միջոցառման ամբողջական տեսագրութիւնը հասանելի է Հայքընեքթ հարթակի YouTube-եան ալիքով։