image

Վերջին յարգանք Տօքթ. Արտաշէս Ագտաղին

Վերջին յարգանք  Տօքթ. Արտաշէս  Ագտաղին

Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն կը կարդանք՝ 

Տօքթ. Արտաշ Ագտաղ՝ յաւերժութեան ճամբորդ...

Անուրանալի ճշմարտութիւն է։

Այնպէս ինչպէս մանուկները չեն մոռնար իրենց առաջին ուսուցիչները, կիներն ալ ամբողջ կեանքի ընթացքին կը յիշեն բժիշկը, որ առաջին անգամ իրենց ապրեցուցած է մայրութեան թանկագին զգացումը։ Անոնք ինչ տարիքի ալ որ ըլլան, կամ եթէ նոյնիսկ յաջորդ զաւակը կամ զաւակները ունենան ուրիշ բժշկի մը օգնութեամբ, ԱՌԱՋԻՆը տարբեր ապրումներ կը թողու, երախտագիտութիւնը սահման չ'ունենար, որովհետեւ մայր մը նախ Աստուծոյ, յետոյ ծննդաբերութեան բժիշկին կը վստահի ի՛ր ու իր զաւկի կեանքը...։

Տօքթ. Արտաշ Ագտաղ մէկն էր այդ բժիշկներէն։ Հարիւրաւորներու զաւակները աշխարհին «բարեւած էին» ի՛ր հրաշագործ ձեռքերուն շնորհիւ, հարիւրաւորներ իրենց առողջութիւնը կը պարտէին ի՛ր ախտորոշումներուն ու վիրահատական միջամտութիւններուն, մինչդեռ երէկ, 10 Փետրուարը հանդիպման օր չէր. երէկ իրենց բժիշկին հետ ժամադրուած էին վերջին անգամ, հրաժեշտի համար...։

Գումգաբուի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ զանգակները կը ղօղանջէին սուգի ելեւէջներով։ Տխրութեան շղարշը իր աներեւոյթ կերպարով վարագուրած էր եկեղեցին, որ կամաց-կամաց կը լեցուէր խուռներամ վշտակիցներով։

«Մեր բժիշկն էր», «ընտանեկան բարեկամ էր», «զիս մայրացուցած բժիշկն էր», «մօրս կեանքը փրկած էր», «լաւ մարդ էր...». անկիւն մը քաշուած՝ այս բառերը կը լսէի շշուկով խօսակցութիւններու ընթացքին։ Ծանօթ ու անծանօթ շատ մարդ կար եկեղեցւոյ մէջ։ Մեծաթիւ էին կիները, որոնք հաւանաբար Տօքթ. Արտաշի հրաշագործ ձեռքերուն կը պարտէին իրենց մայրութիւնը։

Համայնքային հաստատութիւններէն ներկայացուցիչներ նոյնպէս եկած էին յարգանքի տուրքը մատուցանելու վարչային՝ Տօքթ. Արտաշին եւ մխիթարելու իր ընտանիքը։

Դագաղին շուրջ կերոնակիր կանգնած էին Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Բժշկապետ Տօքթ. Մագսուտ Ահպապ, հոգաբարձուներէն՝ Մկրտիչ Սէրթշիմշէք, համայնքային գործիչներ Փրօֆ. Տօքթ. Թորոս Ալճան, Մասիս Գույումճու, Վարուժան Մաղաքեան եւ Ռաֆֆի Գրիգորեան։

Հոգեւորական դասը եւս ներկայ էր գրեթէ իր ամբողջական կազմով եւ Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ։ Յուղարկաւորութեան կարգին նախագահեց Արամ Արք. Աթէշեան։

Պատրիարք Հայրը նախ հայերէնով, յետոյ թրքերէնով դամբանախօսեց, յատկապէս ընդգծելով որ Տօքթ. Արտաշ Ագտաղ բժիշկ էր՝ այս բառի բոլոր սահմանումներով։ Նախ եւ առաջ մարդասէր անձ, հոգատար բժիշկ, երբեմն խիստ ու անզիջող, եթէ խօսքը կը վերաբերէր այցելուի կեանքին կամ ապագայ զաւկի առողջական վիճակին, վարչային, ընտանիքի համար նուիրեալ ամուսին ու հայր եւ ի վերջոյ... համայնքի անդամ, որու կեանքը կը խտանար 78 տարիներու մէջ եւ որ ահաւասիկ կը դառնար յաւերժութեան ճամբորդ։ Մխիթարութիւն էր լսել Պատրիարք Հօր խօսքերը եկեղեցասէր, ազգասէր, համայնքասէր բժիշկի մասին եւ գոնէ սփոփուիլ որ «վաստկած» մարդու հանգամանքով պիտի յանձնուէր հողին։

«Երկնքի հրեշտակները այսօր ուրախութեամբ պիտի դիմաւորեն մեր սիրելի բժիշկի հոգին»։ Նորին Ամենապատուութեան այս տողերով վերջացաւ դամբանականը եւ մենք նոյն զգացումներով հրաժեշտ տուինք Տօքթ. Արտաշ Ագտաղին։

Սիրելի բժիշկի մարմինը ամփոփուեցաւ Գատըգիւղի Հասանփաշա հայկական գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։