image

Պոլիս.Վերջին հրաժեշտ եւ յարգանք համայնքի վաւերական անուններէն՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլի

Պոլիս.Վերջին հրաժեշտ եւ յարգանք համայնքի վաւերական անուններէն՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլի

Պոլսահայ համայնքային շրջանակներ մեծ թախիծով մասնակից եղան համայնքի յարգուած եւ վաւերական դէմքերէն՝ Տիար Տիգրան Կիւլմէզկիլի վերջին հրաժեշտի արարողութիւններուն։ Արդարեւ Կիւլմէզկիլ շնորհիւ իր նուիրական ներկայութեան եւ անխախտ եռանդին դարձած էր սիրելի մէկ անդամը այդ համայնքին։  Ու Գարակէօզեան տան մէջ ընթացք առած անոր գործունէութիւնն ու դրական ներդրումը տարածուած էր ողջ համայնքին մէջ։

«Արեւելք» կիսելով պոլսահայ շրջանակներու ապրած այս վիշտը ստորեւ կը ներկայացնէ մեր պաշտօնակից՝ «Ժամանակ» պարբերականին հրապարակած մահագրութիւնը։

«Ժամանակ» կը գրէ՝

Երախտաշատ ազգային բարերար, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան բազմամեայ ատենապետ եւ անմոռանալի համայնքային գործիչ Տիգրան Կիւլմէզկիլ այսօր կէսօրուան ժամերուն կը յուղարկաւորուի Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Ծանօթ է, որ իր անակնկալ կորուստը վերջին օրերուն սուգով համակած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը։

Հրաժեշտի փուլին համայնքային շրջանակները կը վերարժեւորեն անոր բազմակողմանի գործունէութիւնն ու անփոխարինելի ներդրումները։ Այս տրամադրութիւններով բոլորը կը փութան իրենց վերջին յարգանքին առարկայ դարձնելու Տիգրան Կիւլմէզկիլը եւ վշտակցելու սգաւոր ընտանիքին։

Վերջին տասնամեակներուն Տիգրան Կիւլմէզկիլի մարմնաւորած կերպարը ազդու գործօն մըն էր, որ կը պայմանաւորէր նաեւ համայնքային կեանքի ընթացքը՝ որպէս հեռատես վարիչ, սկզբունքային գործիչ եւ համախմբող վառ անհատականութիւն։

Նորոգ հանգուցեալ ազգային բարերար, համայնքային գործիչ, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան բազմամեայ ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ երէկ յաւերժութեան ճանապարհը բռնեց՝ արցունքներու մեծ տարափի մը մթնոլորտին մէջ։ Իր յաւիտենական հանգիստի տխուր մեկնարկին ան յուղարկաւորներու հոծ բազմութեան մը վերջին յարգանքի զգացումներուն առարկայ դարձաւ։

Լուսահոգի Տիգրան Կիւլմէզկիլի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը համախմբեց համայնքային շրջանակները, պետական աւագանիի ներկայացուցիչներ, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, գործարար ու մարզական աշխարհներէն դէմքեր, որոնք անկեղծօրէն վշտակցեցան իր անմխիթար հարազատներուն։

Բարեյիշատակ Տիգրան Կիւլմէզկիլի վերջին հրաժեշտը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ, ուր յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ արարողութեան նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ խօսեցաւ նաեւ դամբանական մը։ Նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը գտնուի արտասահմանի մէջ՝ իր ցաւակցականը ընթերցուեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ։

Հանգուցեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլի դագաղը զետեղուած էր լուսաշող տաճարի ճիշդ կեդրոնը՝ մահաբեմի վրայ։ Իր գլխաւորած Գարակէօզեան տան խնամակալութեան անդամները կերոնակիր էին դագաղին շուրջ՝ մինչ արարողութեան մասնակից հոծ բազմութիւնը աղօթեց ողբացեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հոգւոյ խաղաղութեան համար։

Յուղարկաւորութենէն արձակման փուլին, դագաղին գլուխը իրերայաջորդ արտայայտուեցան Կալաթասարայ մարզակումբի նախագահ Տուրսուն Էօզպէք, նախկին նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, որոնք բիւր յարգանքով արտայայտուեցան հոգելոյս Տիգրան Կիւլմէզկիլի ծաւալած գործունէութեան եւ տասնամեակներու դերակատարութեան նշանակութեան շուրջ։

Տիգրան Կիւլմէզկիլի անշունչ մարմինը թաղումէն առաջ առաջնորդուեցաւ նաեւ Գարակէօզեան տան համալիրը, ուր տեղի ունեցաւ սգահանդէս մը։ Այս հաստատութիւնը տասնամեակներ շարունակ եղած էր իր ազգային գործունէութեան հիմնական խարիսխը։ Դպրոցին մէջ բոլորը զգացուած էր՝ անմոռանալի ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը վերջին անգամ հիւրընկալելու ծանր պահուն։

Սգահանդէսի ընթացքին դամբանախօսեց Գարակէօզեան տան խնամակալութեան սիւներէն Գարուն Գովան, որ եղած էր հանգուցեալի լծակիցներէն ու, միեւնոյն ժամանակ, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչն է։

Այս բոլորէն վերջ, միշտ իր մեկնումի գաղափարին հետ հաշտուելու անբացատրելի դժուարութեան պայմաններուն ներքեւ, նորոգ հանգուցեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլի թաղման կարգը տեղի ունեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Մինչ իր ընտանեկան դամբարանին մէջ ամփոփուեցաւ անոր անշունչ մարմինը՝ Կալաթասարայի խումբ մը մարզիկներ ակումբի դրօշը պարզեցին հողակոյտին գլուխը։

Այսպէսով, լուսահոգի Տիգրան Կիւլմէզկիլի երկրաւոր կեանքի եզրափակիչ փուլը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս եկաւ բանալ նոր էջ մը, որ կը վերաբերի ազգի սպասաւորներուն, նուիրեալներուն նկատմամբ երախտագիտութեան մէջ չթերանալու գիտակցութեան ու պատասխանատուութեան, ինչ որ հաւաքական յարատեւման գրաւականներէն մին է։