Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. այցելած է Մաունթ Հեպրոն գերեզմանատունը իր յարգանքը մատուցելու «ցեղասպանութիւն» բառի գիւտարար ու սահմանող՝ իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքինի (1900-1959) գերեզմանին, ծննդեան 125-ամեակին առիթով:
Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան (Կիլիկեան) Թեմի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ ատոր մասին պատրաստուած հակիրճ գրառումը։
Ուրբաթ, 6 Յունիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. , այցելեց Մաունթ Հեպրոն գերեզմանատունը Նիւ Եորքի մէջ, իր յարգանքը մատուցելու «ցեղասպանութիւն» բառի գիւտարար ու սահմանող՝ իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքինի (1900-1959) գերեզմանին, ծննդեան 125-ամեակին առիթով։ Այս տարի նաեւ կը նշուի ֆրանսահայ նշանաւոր խմբագիր ու հանրային գործիչ Շաւարշ Միսաքեանի (1884-1957) կողմէ «ցեղասպանութիւն» բառի իր ներկայ իմաստով առաջին գործածութեան (1945) 80-ամեակը։