image

«Վերելք» ծրագրի նոր յաջողութիւնները

«Վերելք» ծրագրի նոր յաջողութիւնները

Սոյն թուականի Հոկտեմբեր 22-ին տեղի ունեցաւ «Վերելք» Ձեռներէցութեան ծրագրի մէկ ամեայ ամփոփիչ միջոցառումը: Միջոցառումը կը համախմբէր «Վերելք» Արցախ (2021թ) եւ «Վերելք» Սիւնիք (2022թ) յաղթող երիտասարդ ձեռներէցներուն, որոնք Արցախէն եւ Սիւնիքէն ժամանեցին Երեւան մասնակցելու այս հաւաքին: «Վերելք»՝ փոքր եւ միջին պիզնեսներ քաջալերող ծրագիրին մասնակցութիւն ունեցան 18-35 տարեկան շուրջ 150 երիտասարդներ: Ընդհանուր 10 ծրագիրներ, 6 Արցախէն եւ 4 Սիւնիքէն ստացան ֆինանսական յատկացում:

«Վերելք» ծրագրի նպատակն է ձեռներէց երիտասարդութեան փոխանցել համապատասխան գիտելիք եւ հմտութիւններ, իրականութիւն դարձնելու իրենց գաղափարները եւ հաստատելու կայուն աշխատանք իրենց ծննդավայրէն ներս, գործնական ներդրում ունենալով համայնքային զարգացման եւ նպաստելով արտագաղթի ալիքներու նուազեցման 44 օրեայ յետպատերազմեան շրջանին: Ընտրուած ծրագիրները կը կրեն ազգային եւ ընկերային բաղադրիչ, եւ կը բարձրացնեն երիտասարդութեան դերակատարութիւնը անհատական եւ հաւաքական մակարդականերու վրայ:

Իւրաքանչիւր յաղթող երիտասարդ ներկայացուց իր կեանքի կոչած ծրագիրը, անմիջականօրէն խօսեցաւ իր փորձառութեան, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ ձեռք բերած յաջողութիւններուն մասին, անդրադառնալով ապագայի նկատմամբ ունեցած ձգտումներուն եւ նպատակներուն ընդհանրապէս հայրենիքի զարգացման եւ յատկապէս իրենց շրջանի շէնացման ուղղութեամբ:

Կրնաք ծանօթանալ ծրագիրներուն այցելելով իրենց ընկերային ցանցերու էջերը:

«Վերելք» Արցախ

Martirosyan’s Berries

Bee Shushi

MOM CandlesBuy4Artsakh

SilVi Fashion

«Վերելք» Սիւնիք

Victory fitness

ABC PharmacySoFun Coffeehouse

Jeeg House

Միջոցառումին ներկայ էին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յաջողութիւններ արձանագրած ձեռներէցներ, հանրային գործիչներ, հասարակական, բարեգործական եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, երիտասարդներ եւ հետաքրքրուած անհատներ:

Այս միջոցառումը Վերելքի շրջանաւարտներուն համար կը հանդիսանար նոր ծանօթութիւններու եւ սերտ կապեր ստեղծելու լաւագոյն հարթակներէն, ներդրում ունենալու հայկական տնտեսական միջավայրի եւ գործարարական ցանցի նորարարականացման:

«Վերելք»ը՝ Կարողութիւններու + ֆինանսի + Ընդունակութիւններու ձեռներէցութեան ծրագիր մըն է, որ հիմնադրուած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակին կողմէ համագործակցաբար «Ռիվոլվ» խորհրդատուական ընկերութեան հետ, մասնակցութեամբ այլ մասնագիտական խումբերու:

Ծրագրի հովանաւորներ հանդիսացան «Արցախ Ֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը եւ անհատ բարերաներ: Կազմակերպութիւններ եւ անհատներ որոնք ցանկութիւն ունին մասնագիտական ծառայութիւններ եւ կամ նիւթական ներդրում կատարել այս ծրագրի գալիք հանգրուաններուն կրնան կապ հաստատել ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակ:

Յաւելեալ մանրամասներու համար հետեւիլ «Վերելք»-ի պաշտօնական էջին:

 

Վերելք Ծրագիր / Verelk Program

Միջոցառուման տեսաերիզը նայիլ այստեղ: