Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի նախագահ Վերապատուելի Սէլիմեան երէկ այցելութիւններ տուած է անցնող օրերուն Հալէպի մէջ զոհուած հայորդիներու պարագաներուն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Վերապատուելին երէկ մասնաւորապէս այցելած է Արման եւ Միրէյ Հինտոյեաններուն տունը եւ հանդիպում ունեցած է անոր ընտանեկան պարագաներուն հետ: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ վերապատուելին մտադիր է յառաջիկայ օրերուն նոյնպէս այցելել անցնող օրերուն Հալէպի մէջ զոհուածներուն տուները: