Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք, օրերս, ցաւակցական այցելութիւն մը տուած է հանգուցեալ բարերար ու ազգային գործիչ Տիգրան Կիւլմէզկիլի բնակարանը, բաժնելով հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն վիշտը։ Ինչպէս ծանօթ է, Տիգրան Կիւլմէզկիլի մահուան եւ յուղարկաւորութեան օրերուն Հոգեւոր Պետը կը գտնուէր Ամերիկա եւ իր ցաւակցութեան գիրը յղած էր։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։
Ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը՝
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 4 Յուլիս 2025, Ուրբաթ երեկոյ ցաւակցական այցելութիւն մը տուաւ հանգուցեալ բարերար ու ազգային գործիչ Տիգրան Կիւլմէզկիլի բնակարանը, բաժնելով հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն վիշտը։
Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրասիրեցին հանգուցեալին դուստրը՝ Մելիսա Կիւլմէզկիլ Պաղ եւ ամուսինը՝ Ալէն Պաղ, ինչպէս նաեւ ազգականներէն Նշան եւ Մարգրիտ Աթընըզ ամոլը։
Ինչպէս ծանօթ է, Տիգրան Կիւլմէզկիլի մահուան եւ յուղարկաւորութեան օրերուն մեր Հոգեւոր Պետը կը գտնուէր Ամերիկա եւ իր ցաւակցութեան գիրը յղած էր։ Այս անգամ փափաքած ըլլալով անձնապէս ցաւակցիլ, կատարեց այս այցելութիւնը։
Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Տիգրան Կիւլմէզկիլի կեանքին ու գործին՝ թէ՛ որպէս ազգային գործիչ եւ թէ որպէս բարերար։ «Ան անձայն-անշշուկ իր ներդրումը կ'ունենար այն ամէն ձեռնարկին, որու համար իր օժանդակութիւնը կը խնդրուէր։ Մեծ էր նաեւ իր վաստակը Գարակէօզեան Տան վերելքին համար, ուրկէ հասած էր նաեւ հանգուցեալը», ըսաւ Պատրիարք Հայրը։ Մեր Հոգեւոր Պետը բարձր գնահատեց հանգուցեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլի վաստակը եւ անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնեց իր մահուան համար։