Իրանի հարաւ-արեւելքը դատական շէնքի վրայ ահաբեկչական յարձակման զոհերու թիւը հասած է 6-ի, անոնց շարքին կան ոստիկաններ, յայտնած են իրանեան պաշտօնական աղբիւրները: Վերջին տուեալներու համաձայն՝ վիրաւորներու թիւը 22 է, մեծ մասը քաղաքացիական անձինք են:
Հարաւ-արեւելեան Սիսթան-Պելուճիստանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդմամբ՝ զոհերէն 3-ը յարձակում կատարողներն են: Ըստ իրանեան լրատուամիջոցներու՝ յարձակման պատասխանատւութիւնը ստանձնել է «Ճէյշ ալ-Ատլ» խմբաւորումը:
Սիսթան-Պելուճիստան նահանգը սահմանակից է Փաքիստանին եւ Աֆղանստանին: Նահանգին մէջ յաճախ տեղի կ՚ունենան բախումներ անվտանգութեան ուժերու եւ զինուած խումբերու, ներառեալ սիւննի զինեալներու եւ անջատականներու միջեւ: