Սերտողութեան կեդրոնական պատգամը մնաց Յիսուսի քաջալերող խօսքը՝ «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛»՝ որպէս հրաւէր մեր անձնական, համայնքային եւ ազգային կեանքի վէրքերուն մէջ վախով չառաջնորդուելու, այլ հաւատքով մօտենալու Քրիստոսի եւ վստահելու Անոր վերականգնող զօրութեան։
Երեքշաբթի, 18 Օգոստոս 2026-ի երեկոյեան, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հերթական Հանրային Սուրբգրային Սերտողութիւնը։
Սերտողութիւնը առաջնորդեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, հիմնուելով Մարկոս 5.21–43 հատուածին վրայ՝ «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛» բնաբանով։
Յայրոսի եւ տասներկու տարի արիւնահոսութենէ տառապող կնոջ իրարու հիւսուած պատմութիւններուն ընդմէջէն շեշտուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի բժշկող եւ վերականգնող զօրութիւնը։ Ինչպէս տարիներու տառապանքը, սպառած միջոցներն ու յուսահատութիւնը չկրցան վերջին խօսքը ունենալ կնոջ կեանքին մէջ, այնպէս ալ մեր անձնական վէրքերը, ընտանեկան տագնապները, համայնքային տկարութիւններն ու ազգային կեանքի խոր ցաւերը պարտադիր չեն մնալ անբուժելի։ Քրիստոսի ներկայութեան եւ զօրութեան մէջ միշտ բաց է բժշկութեան, վերականգնումի եւ նոր յոյսի ճանապարհը։
Սերտողութեան կեդրոնական պատգամը մնաց Յիսուսի քաջալերող խօսքը՝ «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛»՝ որպէս հրաւէր մեր անձնական, համայնքային եւ ազգային կեանքի վէրքերուն մէջ վախով չառաջնորդուելու, այլ հաւատքով մօտենալու Քրիստոսի եւ վստահելու Անոր վերականգնող զօրութեան։
Սերտողութիւնը եզրափակուեցաւ աղօթքով եւ Աստուծոյ հանդէպ նորոգուած հաւատքով ու յոյսով։


