Այսօր՝ Յունիս 7-ին, ինքնաշարժի մեծ արկած տեղի ունեցած է Վայոց ձորի մարզին մէջ։ Ժամը 10։40-ի սահմաններուն Երևան-Մեղրի ճանապարհի 127 քմ հատուածին մէջ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան հաշուեկշռին մջէ հաշուառուած ՊՆ համարանիշներով Կամազ մակնիշի ինքնաշարժը անյայտ հանգամանքներով գլխիվայր շրջուած է:
Արկածին հետեւանքով 11 հոգի, որոնք զինուորներ են, տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են հիւանդանոցներ։
Զինուորներու կեանքին վտանգ չի սպառնար։
Փաստի առթիւ նիւթեր կը նախապատրաստուին ուր պիտի պարզուի վարորդին եւ վիրաւորներուն ինքնութիւնը։