Գիւմրիի աւագանիի ընդդիամդիր խմբակցութիւնները Վարդան Ղուկասեանը ընտրած են քաղաքապետ: Նշենք, որ ան առաջադրուած միակ թեկնածուն էր:
«Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը պոյքոթած էր նիստը: Խմբակցութեան 14 անդամները չեն մասնակցած աւագանիի անդրանիկ նիստին:
Խմբակցութեան 1-ին համար Սարիկ Մինասեանը գրառմամբ հանդէս եկած էր եւ նշած, որ պէտք է արտահերթ ընտրութիւններ կայացուին: Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները յայտարարած էին, որ թեկնածու պիտի չառաջադրեն եւ պիտի ընտրեն ընդդիմութեան թեկնածուն:
Քուէարկութիւնն ընթացած է բաց կարգով: Ներկայ 18 մասնակիցներէն 18-ն ալ կողմ քուէարկած է Ղուկասեանի թեկնածութեան:
Նշենք նաեւ, որ «Մեր քաղաքը» դաշինքի առաջին համար Մարտուն Գրիգորեանի որդին՝ Կարէն Գրիգորեանը, եւս չէր մասնակցած նիստին: