Վայոց Ձոր կատարած այցելութեան ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղղութեամբ հովանոց նետած կինը ազատ արձակուած է։ Այս մասին NEWS.am-ը տեղեկացած է Քննչական Կոմիտէի մամուլի խօսնակ Գոռ Աբրահամեանէն։
Մալիշկայի գիւղապետ Գարիկ Նազարեանն ըսած է, որ կինը Բերձորէն տեղահանուած է, ան իրենց գիւղին մէջ վարձով կ'ապրի։
«Մալիշկան մեծ գիւղ է, Բերձորից շատ ընտանիքներ են ապրում, ես չեմ կարող ասել, թէ ով է եղել»,-ըսած է գիւղապետը։
Ան պատմած է, որ այցի ընթացքին ան եղած է Փաշինեանի կողքին, եւ այդ միջադէպը չէ նկատած։
Նշենք, որ Մալիշկա գիւղին մէջ 47-ամեայ կինը մօտեցած է բնակավայրի նոր կառուցուած 8-րդ, 14-րդ եւ Կեդրոնական փողոցներու խաչմերուկ։ Վերջինս, չենթարկուելով ոստիկանութեան ծառայողներու կողմէ բազմիցս ներկայացուած օրինական պահանջներուն եւ անտեսելով վերջիններուս յորդորները, փորձած է Նիկոլ Փաշինեանի նկատմամբ բռնութիւն գործադրել՝ իր մօտ գտնուող հովանոցը դիտաւորութեամբ նետելով անոր ուղղութեամբ։
47-ամեայ կինը ձերբակալուած էր։ Դէպքի առթիւ ՀՀ քննչական կոմիտէի Վայոց ձորի մարզային քննչական վարչութեան մօտ ՀՀ ՔՕ 44-452-րդ յօդուածի 3-րդ մասի յատկանիշներով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։