image

Ռուպիոն Իրաքի վարչապետին հետ զրոյցին ժամանակ ողջունած է Իրաքէն Թուրքիա նաւթի արտահանումը

Ռուպիոն Իրաքի վարչապետին հետ զրոյցին ժամանակ ողջունած է Իրաքէն Թուրքիա նաւթի արտահանումը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն, Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շիա ալ-Սուտանիի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած է առեւտրային յարաբերութիւնները եւ Թուրքիա–Իրաք խողովակաշարով նաւթի արտահանման վերսկսումը։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Արտաքին գործոց նախարարը եւ վարչապետը քննարկած են Իրաքի մէջ ամերիկեան առեւտրային գործարքներու ձեւաւկերպումն աւարտելուն ուղղուած ջանքերը»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նշուած է նաեւ, որ Ռուպիօն շնորհաւորած է իրաքցի վարչապետը՝ Իրաքի եւ Թուրքիոյ միջեւ խողովակաշարով նաւթի արտահանման վերսկսման կապակցութեամբ։ Արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, որ «այդ քայլը օգտակար պիտի ըլլայ թէ՛ Իրաքի, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ ամերիկեան ձեռնարկութեան»։

Հաղորդագրության համաձայն՝ Ռուպիոն նշած է, որ Միացեալ Նահանգները յանձնառու է իրաքցի գործընկերներու հետ աշխատանքին՝ Իրաքի ինքնիշխանութիւնը պահպանելու, տարածաշրջանային կայունութիւնն ու տնտեսական կապերն զարգացնելու համար։