image
Հրատապ լուրեր:

Վարչապետ Միքաթի ժամանակ կը շահի

 Վարչապետ Միքաթի ժամանակ կը շահի

Լիբանանի վարչապետ Նաժիպ Միքաթի օրերս  շրջապտոյտի մը ելած էր։

Վարչապետը նախ կ՚այցելէ Վատիկան ու ապա շատ հաւանաբար մեկնի ՝ Անգարա  ու շատ հաւանաբար՝ Գահիրէ։

 Միքաթիի այս քայլերը նպատակ ունին կերպով մը վերանորոգել շրջանային խաղացողներու նեցուկը, որ շատ աւելի փայլուն կերպով երեւելի դարձած էր ամիս առաջ երբ Միքաթի կը նշանակուէր վարչապետ։

Ուշագրաւ փաստն այն է, որ անկախ Միքաթիի անձին ու կառավարութեան հանդէպ ցոյց տրուած ձեւական նեցուկէն, խորքային առումով ոչ մէկ դրական գործ կատարեց այս կառավարութիւնը, այլ ընդհակառակը։

Տոլարի սակը կը շարունակէ մագլցիլ, դեղորայքի եւ վառելանիւթի տագնապները կը շարունակուին, քաղաքացիի վիճակը աւելի ծանր էր, ինչ այն օրերուն, երբ Հասսան Տիապի հրաժարեալ կառավարութեան օրերուն ու աւելին այսօր կան ապահովական մտահոգութիւններ, որոնք դարձած են Լիբանանը յուզող հարցերուն ամէնէն առաջնայինը։

Դէպի ո՞ւր կ՚ընթանայ Լիբանանի տագնապը եւ արդեօք շրջանառութեան մէջ դրուած լուծումներու առաջարկները, պիտի կարողանան սայլը տեղէն շարժել ու համընդհանուր փլուզման ուրուականը մէկանգամընդմիշտ հեռացնել։

Խնդիրը անշուշտ միայն ներքին լարումներու, ատելութեան կամ հակառակութեան խնդիր չէ, այլ կան արտաքին խոշորագոյն ազդակներ, որոնք ամէն կերպ կը խանգարեն, ու երեւի դեռ ալ պիտի խանգարեն, որ ցանկացած կառավարութիւն իյնայ ձախողութեան ծուղակին մէջ։ Ու այս զուգահեռներով աւելի քան պարզորոշ կը դառնայ, որ արաբական ծոցի երկիրներուն կողմէ Լիբանանին դէմ դրուած «ձեւական» եւ շինծու ամպարկոն ունի արտաքին բաղադրիչներ։ Ի վերջոյ ո՞վ եւ ինչո՞ւ համար էր, որ լսելի դարձաւ տեղեկատւութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիին կողմէ, նոյնիսկ նախքան նախարար նշանակուիլը կատարուած յայտարարութիւններուն ջուրի երես դուրս բերուիլը, շահարկուիլը ու ապա նաեւ մեծ տագնապի պատճառ դառնալը։

 Ու նաեւ, որ կողմն է ի վերջոյ, որ չընկալէր ու չի հասկնար, որ այս մակարդակի ճնշումները կ՚ընկճեն, կը թիրախաւորեն ու աւելիով վիրաւոր ու խոցելի կը դարձնեն, ոչ թէ Լիբանանի դիմադրութիւնը, գլխաւորութեամբ «Հըզզպալլա»ի, այլ ծունկի կը բերեն Լիբանանի սովորական քաղաքացին ու սովորական հասարակութիւնը։

 Այս ընթացակարգերը մեծապէս հասկնալի են, առնուազն այն ուժերուն համար, որոնք 2019 թուականէն սկսեալ ամէն տեսակի «զէնքեր»ով կը կրակեն Լիբանանի ուղղութեամբ, այդ երկրի ինքիշխանութեան ու պետական համակարգին ուղղութեամբ նպատակ ունենալով մէկ բան, որն է ծունկի բերել Լիբանանը եւ «քիթը գետին քսել» բոլոր լիբանանցիներուն։

 Տխուրն այն է, որ այս փաստարկը յաճախ անընկալելի հասարակութեան լայն խաւերուն կողմէ, որոնց բաղկացուցիչները մէկդի դնելով, ամէն ազգային ջիղ ու աւիւն, փողոց իջնելով աւելիով վատթարացուցին երկրի ընդհանուր վիճակը։

Այս ախտորոշումները կատարելէ անդին, աւելի քան պարզ կը դառնայ, որ այսօր Լիբանանի մէջ առկայ տագնապին իրական պատճառներն ու դրոյթները կը գտնուին Լիբանանէն դուրս։

 Ու այդ առումով ալ բոլորին համար ձեռնտու է, ժամանակ շահելու ընդհանուր ընկալումը, որ անմիջապէս կը կապուի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող մեծ ու կարեւոր տեղաշարժերով, Արեւմուտք-Իրան պարանաձգութեամբ եւ բանակցութիւններով եւ ի վերջոյ Մերձաւոր Արեւելքի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու ունեցած «թաքուն» աժէնտայով։ 

 Այստեղ հարկ է շեշտադրել կարեւոր հանգամանք մը, որ կը պարփակուի անշուշտ վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի անձով ու գործունէութեան եղանակով։ 

 Միքաթի, որ շատ լաւ կը հասկնայ արտաքին գործօններուն իմաստն ու բաղադրիչներուն ուժը, կը հասկնայ նաեւ, որ պարտաւոր է պահել իր կառավարութիւնը ցանկացած անկումէ, դէմ դնելով բոլոր այն ուժերուն, որոնք մեծ միտումներ ունին զինք տապալելու տարբեր տեսակի փորձերէն։

 Միքաթի նաեւ կ՚ըմբռնէ, որ ներկայ փուլը սպասումներու փուլ մըն է, որու աւարտին ալ շատ հաւանաբար ստեղծուի դրական ընտրանքներու բոլորովին նոր ու թարմ միջավայր մը, որուն մէջ ալ ան պարտաւոր է իր ունեցած ներուժը ծառայեցնել երկրի վերականգման գործընթացին։

Անշուշտ այս բոլորի լոյսին տակ, կայ նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններու հիմնարար օրակարգը, որուն ճակատագիրը դարձեալ եւ մեծ հաշուով կախեալ է արտաքին ազդակներէն ու տեղի ունենալիք տեղաշարժերէն։

 Աւարտին տեղին է նշել, ու հասկնալ, որ Լիբանանի մէջ լուծումներու ընդհանուր ընթացակարգը տակաւին հեռու է կեանքի կոչուելէ ու այդ առումով ալ լիբանանցիներուն առջեւ դրուած է մէկ ընտրանք, որն է ՝ «գլուխ պահել» ու «ծայրէն քալել»ու ընտրանքը, առանց մեծ պոռթկումներու եւ սպասելով նոր ու դրական տեղաշարժերու։

 Սագօ  Արեան 

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...