Վանայ լճի ջուրի մակարդակի նուազման հետեւանքով մօտաւորապէս հարիւր տարեկան ձկնորսական կառամատոյց յայտնաբերուած է։ Կառամատոյցին փայտէ սիւները ջուրի երես յայտնուած են, ինչ որ կրկին փաստած է լճի ջրային միջոցներու մեծաքանակ կորուստի մասին։
Ատիլճեւազի մշակոյթի, արուեստի եւ զբօսաշրջութեան միութեան նախագահ Ճումալի Պիրոլը, որ երկար տարիներ հետազօտութիւններ կ'իրականացնէ Վանայ լիճին մէջ, յայտնած է, որ լիճի այլ հատուածներուն մէջ եւս կառոյցներ ի յայտ կու գան։
«Վանայ լիճին մէջ շուրջ 1,5 մեթր ջուրի նուազում արձանագրուած է։ Այնպէս չէ, որ այս մեզ չ'անհանգստացներ, յուսանք, որ վնաս չի հասցներ բնապահպանական համակարգին։ Երաշտը լուրջ խնդիրներ առաջացուց Վանայ լիճին մէջ, յատկապէս այս տարի», նշած է հետազօտողը: