Փարիզի մեր պաշտօնակից ՝ «Նոր Յառաջ»էն կը կարդանք, թէ օրերս վախճանած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ երիցագոյն անդամներէն Տ. Գիւտ արք. Նագգաշեան։
Աղբիւրն այդ մասին տուած է կարճ լրատւութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Փարիզի մէջ 88 տարեկանին վախճանած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Փարիզի նախկին առաջնորդ եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Գիւտ արք. Նագգաշեան։
Աւազանի անունով Յովհաննէս Նագգաշեան ծնած էր 1933-ին Հալէպ։ 1948-ին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք մտած է։ 1955-ին ձեռնադրուած է աբեղայ։ 1955-էն 60 վարած է ուսուցչական պաշտօն՝ Պէյրութի Թէքէեան եւ Սահակեան վարժարաններուն մէջ։ Միաժամանակ, Պէյրութի, ապա Կիպրոսի մէջ եղած է ծուխերու հոգեւոր հովիւ։
Ողբացեալը 1958-ին Ս. Էջմիածնի մէջ ձեռնադրուած է վարդապետ, ձեռամբ Վազգէն Ա. կաթողիկոսի, որ երկու տարի ետք՝ 1960-ին զինք պիտի նշանակէր Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ։
Ապա, 1965-ին ստացած է ծայրագոյն վարդապետի կոչում, այնուհետեւ 1973-ին նոյնպէս Վազգէն Ա. կաթողիկոսի կողմէ ձեռնադրուած է եպիսկոպոս։
Փարիզի առաջնորդութեան զուգահեռ՝ Գիւտ արք. Նագգաշեան 1984-էն 2009 վարած է Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի պաշտօնը։
Գիւտ արք. 2007-ին Ֆրանսայի Հայոց թեմին կազմութեան եւ թեմակալ առաջնորդի պաշտօնին Նորվան արք. Զաքարեանի նշանակումին նախորդած եւ յաջորդած երկար ու խոր վէճերէ ետք՝ 2009-էն քաշուած կեանք մը կ՚ապրէր Ալֆորվիլ։