Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան, անոր որդիները՝ Նուէր եւ Յովհաննէս Ծառուկեանները, կինը՝ Ջաւահիր Ծառուկեանն ու ծնողները՝ Ռոզա եւ Կոլիկ Ծառուկեանները, ինչպէս նաեւ Ծառուկեաններու հարսը հրաւիրուած են ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վարչութիւն։ Այս մասին կը տեղեկանանք պաշտօնական յայտարարութիւններու «Ազդարար» հարթակէն։
Նշուած է, որ վերջիններուս պատկանող գոյքի առնչութեամբ իրականացուած է ուսումնասիրութիւն, որու արդիւնքով կազմուած է ամփոփագիր:
Գագիկ Ծառուկեանին եւ կնոջն ուղարկուած ծանուցումներուն համաձայն՝ անոնց ներկայանալը անհրաժեշտ է 2023 թուականի 21 օգոստոսին՝ ժամը 11:00-ին, որդիներուն եւ հարսին՝ նոյն օրը՝ ժամը 11:30-ին եւ 12:00-ին, իսկ ծնողներուն՝ 12:30:
Ծառուկեաններու ընտանիքը հրաւիրուած է դատախազութիւն՝ ուսումնասիրութեան նիւթերուն ծանօթանալու եւ ամփոփագրի առնչութեամբ դիրքորոշում ներկայացնելու համար։