image

Փաշինեան պիտի մասնակցի Տաւոսի համաժողովին. հրաւիրուած է նաեւ Ալիեւը

Փաշինեան պիտի մասնակցի Տաւոսի համաժողովին. հրաւիրուած է նաեւ Ալիեւը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պիտի մասնակցի «Համաշխարհային տնտեսական տարեկան համաժողով – 2025»–ին։ Այս մասին կը տեղեկանանք համաժողովի կայքէն։

Միջոցառումը պիտի մեկնարկի յունուար 20-ին Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքի մէջ եւ պիտի տեւէ մինչեւ յունուար 24-ը։ Համաժողովին պիտի մասնակցին 130 երկրի շուրջ 3000 ներկայացուցիչներ եւ 350 պետական գործիչներ, այդ շարքին` 60 պետութեան եւ կառավարութեան ղեկավարներ:

Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի մասնակիցներու շարքին են նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփը, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյենը, Գերմանիոյ դաշնային վարչապետ Օլաֆ Շոլցը, Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլան եւ այլք։