image

Ծանր արկած Հաղարծինի ճանապարհին.Աշակերտները հրաշքով փրկուած են

 Ծանր արկած Հաղարծինի ճանապարհին.Աշակերտները հրաշքով փրկուած են

Այսօր  2  նոյեմբերին, Տաւուշի մարզին մէջ ծանր արկած մը տեղի ունեցած է։ Ժամը շուրջ 15։10-ին, դէպի Հաղարծինի վանական համալիրը տանող ճամբուն վրայ, Վալերի Պրիւսովի անուան Պետական համալսարանի ուսանողներ տեղափոխող հանրակառք մը դուրս եկած է երթեւեկելի գօտիէն եւ, բախելով ծառերուն, կիսով չափ շրջուած վիճակի մէջ ինկած է անտառին մէջ։

 Արկածին հետեւանքով գրանցուած են տասնեակ վիրաւորներ։

Դէպքի վայրէն հրապարակուած  Տեսանիւթը տեսնելու համար միացէք՝  «Արեւելք»ի Թէլէկրամեան  ալիքին։

Դէպքի վայր ժամանած են ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան Դիլիջանի հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական խումբ։ Փրկարարները վիրաւորները  մօտեցուցած են շտապօգնութեան մեքենաներուն, որոնք ալ իրենց կարգին վիրաւորները փոխադրած են մօտակայ հիւանդանոց 

Դիլիջանի Քննչական բաժնի կողմէ սկսած է քրէական վարոյթ՝ վարորդին եւ վիրաւորներուն ինքնութիւնը որոշելու նպատակով։

Դէպքի վայրին վրայ հաւաքուածներուն վկայութեամբ՝ հիվանդանոց տեղափոխուած է շուրջ 20 հոգի, որոնց կեանքին բարեբախտաբար  վտանգ չկայ։

Կը նշուի նաեւ, որ վիրաւորներէն մի քանին ունին միջին ծանրութեան վնասուածքներ։

 

Դէպքի վայրէն հրապարակուած  Տեսանիւթը տեսնելու համար միացէք՝  «Արեւելք»ի Թէլէկրամեան  ալիքին։