image
Հրատապ լուրեր:

Ինչպէս ընդունեց համայն հայութիւնը Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերէն փրկուած հայերը. Վկայութիւն հայրենի պետական գործիչ՝ Գագիկ Եկանեանէն

Ինչպէս ընդունեց համայն հայութիւնը Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերէն փրկուած հայերը. Վկայութիւն հայրենի պետական գործիչ՝ Գագիկ Եկանեանէն

Մեզմէ իւրաքանչիւրը կու գայ իր անցեալ կեանքէն, ապրած ժամանակէն, եւ այդ ժամանակի արժեւորմամբ ու եղած-կատարուածը այսօրուան իրողութիւններուն հետ համեմատութեան եւ բաղդատման հետեւանքով եզրակացուցած ճշգրիտ գնահատականներու միջոցաւ է, որ մենք՝ իրականութենէն չկտրուելով, կրնանք զանազանել թացը չորէն, ոչ շատ հեռու անցեալը, մեր աչքի առաջ կատարուածը, մեր տեսած լաւն ու դրականը, մեր փորձառութեան արգասիքը՝ տեւական անելանելիութիւններով լի  ներկայի՝ համեմատութեան եզրեր չունեցող իրավիճակներէն։

Ներկայ տեսանելի աղէտներէն անդին կայ անշօշափելի եւ թուացեալ, երբեմն ալ անտեսանելի, բայց շատ աւելի կործանարար՝ ազգային դիմագիծը եւ հոգեբանութիւնը խեղող եւ տեւական ընկճախտի մատնող թունաւոր, ատելութիւն բխեցնող որոմ մը, որ արդէն երկար ժամանակ է   փաթթուած է հայութեան հացին ու չի բաժնուիր անկէ։

Այն, ինչի մասին պիտի խօսիմ, բնաւ ենթադրութիւն չէ, այլ՝ համեմատելի, փաստարկուած, յստակ իրողութիւն։

Օրինակ, երբ Ազգային ժողովի ամպիոնէն երկրի վարչապետը կը յայտարարէ, թէ՝ «Արցախցիներուն ցուցաբերուող աջակցութիւնը որոշ դժգոհութիւն կ՚առաջացնէ Պաքուէն ու Սումկայիթէն գաղթածներու մօտ», ես կ՚ուզեմ ըսել՝ փաստերով խօսեցէ՛ք։

Երբ կեղծ խօսք կը լսես, անմիջապէս կը մտածես, թէ հանրութիւնը փաստարկուած խօսքի կարօտ է, իսկ փաստէ զուրկ խօսքի դէմ ճիշդը՝ իրականութիւնը ներկայացնել է։ Եւ այդ իրականութեան ներկայացման ամէնէն գործուն եղանակն է՝ անցեալի դրական եւ լաւ փորձը կիրառած մասնագէտը զրոյցի հրաւիրելը։

Ահա թէ ինչու իմ զրոյցս Հայաստանի Հանրապետութեան աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախկին նախարար, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան գաղթի ծառայութեան պետ, եւ՝ աւելի վաղ՝ ՀՀ կառավարութեան առընթեր փախստականներու եւ գաղթի վարչութեան պետ՝ Գագիկ Եգանեանի հետ է։ Մարդ մը, որ իր գործունէութիւնը սկսած է դեռ խորհրդային շրջանին՝ հանդիսանալով Հայկական ԽՍՀ-ի ընկերային ապահովութեան փոխնախարար։

****

-Պարոն Եգանեան, երբ Արցախէն, տարբեր ժամանակներու ընթացքին՝ 2020-ի պատերազմէն ետք եւ ապա՝ 2023-ի սեպտեմբերեան էթնիք զտումի՝ այսինքն՝ ցեղասպանութեան պատճառով բռնագաղթէն ետք, Հայաստան ապաստանած արցախցիները կառավարութեան դիմաց, Ազատութեան հրապարակին վրայ եւ այլ վայրերու մէջ հանրահաւաք ու նստացոյց կը կազմակերպեն՝ բարձրաձայնելով իրենց ընկերային եւ իրաւական հիմնախնդիրները, որոնցմէ ամէնէն հիմնականն ու առաջնայինը բնակարանային հարցն է՝ տանիք եւ ծածկ ունենալը, մարդիկ, որոնց ձայնը տաք տեղէ կու գայ, խօսքը կտուրը նետելով (խուսափելով ուղղակի պատասխանէն), թեման շրջանցելով նորէն կը սկսին ներկայ ու նախկին վկայակոչել․․․ Ցաւօք՝ աւելի վատթարն ալ կայ՝ տարբեր ժամանակներու ընթացքին ատրպէյճանցի բարբարոսներէ փրկուած մեր հայրենակիցները իրարու դէմ հանելը։ Ի՞նչ է սա, եթէ ոչ՝ պառակտում, նոր բաժանում ու մասնատում…

Ահաւասիկ հարցս. ըսէ՛ք խնդրեմ, պարոն Եգանեան, 1988-ի աղէտալի երկրաշարժը տեսած, ապա նոյն ժամանակաշրջանին երկրորդ մեծ հարուած ստացած հայութեան՝ ատրպէյճանական սարքած պետութեան ցեղասպան գործողութիւններէն փրկուած մեր հայրենակիցները ընդունելու, անոնց հոգեբանական ու մարդասիրական աջակցութեան դրուագներն ու դրսեւորումները ինչպէ՞ս կը բնորոշէք։

Կ՚ուզէի լսել Ձեզմէ՝ ինչպէ՞ս դիմագրաւեց Խորհրդային Հայաստանը այդ ամէնը։

Այդ օրերու Հայաստանի մէջ տիրող միջավայրը ես պատկերաւոր կերպով կ՚անուանէի՝ զգացական-պատրաստակամ։ Բոլորը կը համարէին, թէ կը հիւրընկալենք մեր քոյրերն ու եղբայրները, որոնք համընդհանուր ազգային նպատակներու համար մեծագոյն կորուստներ կրելով, բարձր գին վճարած էին՝ դառնալով տնավեր, բնավեր, բազում դաժան փորձութիւններէ անցած՝ մազապուրծ, փրկելով իրենց կեանքը։

Հայաստանի մէջ սկսած շարժման կը մասնակցէր թէ՛ Ատրպէյճանի հայութիւնը, թէ՛ Հայաստանի ու Սփիւռքի հայերը։ Բոլորս։ Եւ հայութեան իւրաքանչիւր հատուած իր բաժին գինը վճարեց այն տարիներու՝ հպարտութեան աղբիւր հանդիսացող մեր ձեռքբերումներուն համար։ Մենք՝ հայաստանցիներս, մասնաւորապէս, վճարեցինք՝ ապրելով ցուրտի ու մութի մէջ, պատերազմի ընթացքին բազմաթիւ հերոս տղոց կեանքերով, արցախցիները՝ թշնամիի կրակոցներու տարափի ներքոյ՝ աննահանջ կռուելով, հերոսական պայքարի անթիւ օրինակներ տալով, սփիւռքահայերը վճարեցին ե՛ւ նիւթական օժանդակութեամբ, ե՛ւ առանձին Մոնթէ Մելքոնեանի նման հայորդիներու մասնակցութեամբ ու կեանքի գնով, իսկ ատրպէյճանահայերը՝ վճարեցին՝ դառնալով տնավեր, բնավեր։

Ինծի անհաւանական կը թուար, երբ կը տեսնէի, թէ խորհրդային հզօր պետութեան մէջ մարդիկ՝ տնայի հագուստներով, հողաթափերով, ինչպէս կը փախչելով Պաքուէն ու Սումկայիթէն կը հասնէին Հայաստան, եւ ինչպէս օդանաւերէն կ՚իջնէին… Այդ բոլորը կարծես երեւակայական (ֆանթասթիք) ֆիլմի տեսարաններ ըլլային։

Բայց այդ ժամանակ բոլորս նոյն միջավայրի մէջ էինք, բոլորը՝ բոլորին կ՚օգնէին, անծանօթներն իրենց տուները կը բանային արհաւիրքէն փրկուածներուն… զանգուածաբար…

Զուգահերռաբար՝ կառավարութեան, նախարարներու խորհուրդի հետեւողական ու համակարգուած աշխատանքի շնորհիւ՝ մենք ընդունեցինք 361 հազար փախստականներ՝ անմարդկային սարսափներ ապրած, հոգեբանական ծանր վիճակի մէջ գտնուող․․․

Այս բոլոր ծանր իրադարձութիւններուն վրայ կը գումարուէր նաեւ 1988-ի սարսափելի երկրաշարժը՝ իր աղէտալի յետոյական հետեւանքներով՝ 500 հազարի հասնող անօթեւան դարձած մարդոցմով։ Չմոռնանք նաեւ, որ այդ տարիներուն սահմանամերձ շրջանները՝ Կապան, Վարդենիս՝ մշտապէս կը գտուէին ատրպէյճանական զինուժի հրետանակոծութեան տակ, այսինքն՝ նաեւ այդ շրջաններուն մէջ ունէինք աւերուած տուներ, անտուն մնացած ընտանիքներ։ Ընդհանուր առմամբ՝ շուրջ  մէկ միլիոնի  հասնող   տնավեր ունէինք։

 

-Պարոն Եգանեան, փաստօրէն մենք ունեցած ենք ժամանակ մը, երբ հասարակ ժողովուրդը եւ պետութիւնը նոյն դիրքի վրայ էին եւ նոյն կերպ կը վերաբերէին երկրի եւ ազգի առջեւ ծառացած բարդ իրավիճակին, չեն տրտնջացած, այլ գերիշխող եղած է սէրը, հանդուրժողականութիւնը, ազգակցին աջակցելու ձգտումը, մարդկային եւ հոգեբանական օգնութիւն ցուցաբերելու մթնոլորտը։

Վիճակը ահաւոր ծանր էր, եւ միայն ժողովուրդի բարի, սրտացաւ վերաբերմունքի, ինչպէս նաեւ՝ այն ժամանակուան կառավարութեան նպատակասլաց աշխատանքի շնորհիւ հնարաւոր եղաւ լուծումներ գտնել բազմաբարդ խնդիրներուն։ Մեր հասարակութիւնը կարողացաւ մարսել այդ դժուարին ու մեծ խնդիրը, իսկ կառավարութիւնը իր տրամադրութեան տակ եղած անխտիր բոլոր միջոցները ի սպաս դրաւ։

Դպրոցներու շէնքերէն սկսեալ՝ գիշերօթիկ դպրոցներ, ճամբարներ, առողջարաններ, հիւրանոցներ, գործարաններու վարչական շէնքեր… Եւ այս կերպ մենք յաջողեցանք խուսափիլ վրանային քաղաքներ կառուցելու տխուր ճանապարհէն։

 

-Խնդրեմ ըսէ՛ք, այդ օրերուն, երբ ըստ էութեան՝ խորհրդային միութիւնը կը փլէր, հասարակարգը կը փոխուէր, եւ երկիրը լրջագոյն խնդիրներու դիմաց կանգնած էր, ինչպէ՞ս կարելի եղաւ որ տարբեր ոլորտներու պատասխանատուներ համակարգուած աշխատիլ, յետոյ, շոքային վիճակին յաջորդած փուլին, ինչպէ՞ս ողբերգութիւն ապրած մեր հայրենակիցները կարողացան վերականգնել իրենց։

Անշուշտ, մեր հայրենակիցները տեղաւորելէ եւ անոնց առաջնահերթ կարիքները հոգալէ ետք, հարկ էր մարդոց օգնել առաջին հերթին՝ մշտական կացարանի հարցով։ Այս ուղղութեամբ հսկայական աշխատանք կատարուեցաւ՝ միջազգային նուիրատու կազմակերպութիւններու, մասնաւորաբար՝ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի, Գերմանիոյ կառավարութեան ջանքերով. անգնահատելի մեծ ծառայութիւն մատուցեց Նորվեկիոյ կառավարութիւնը՝ Փախստականներու Նորվեկական Խորհուրդի միջոցով, ինչպէս նաեւ՝ Զուիցերիոյ կառավարութեան եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ, որու շնորհիւ՝ Հանրապետութեան բոլոր մարզերուն մէջ շուրջ 5000 առանձնատուն կառուցուեցաւ՝ փախստականներու համար։

Բացի այդ, օրէնսդրական դաշտին մէջ եւս կարգաւորումներ մտցուեցան․ պետութիւնը օրէնք ընդունեց, ըստ որուն՝ կառուցուած առանձնատուները անվճար կերպով սեփականաշնորհուեցան այնտեղ բնակող փախստականներուն։ Աւելին, 2000-ականներու սկիզբը՝ 2001-2002 թուականներուն, մենք կիսաւարտ կամ անաւարտ շէնքեր կ՚ընտրէինք, որոնք խորհրդային տարիներէն ժառանգած էինք, եւ այդ շէնքերը կ՚առաջարկէինք ՄԱԿ-ին։ ՄԱԿ-ը կը գնահատէր, կը կառուցէր եւ կ՚աւարտէր շինարարութիւնը՝ շահագործման ենթակայ դարձնելով շէնքեր Երեւանի տարբեր թաղամասերու մէջ՝ Նորքի Զանգուած, Հարաւ-Արեւմտեան թաղամաս, Աջափնեակ եւ այլուր։ Աւարտելէ ետք բնակարանները կը տրամադրուէին փախստականներուն՝ ամբողջովին անվճար։

Բացի այդ, կային նաեւ հազարաւոր մարդիկ, որոնք կ՚ապրէին որոշ չափով բարւոք վիճակի մէջ գտնուող հանրակացարաններու մէջ։ Ուստի, պետութիւնը եւս օրէնք ընդունեց, ըստ որուն՝ այդ կացարանները եւս անվճար սեփականաշնորհուեցան այնտեղ արդէն իսկ բնակող փախստականներուն։ Շուրջ 3000 ընտանիք ալ այս ծրագրէն օգտուեցաւ։  Ըսել կ՚ուզեմ՝ պետութիւնը փախստականներուն անվճար օգնելու բոլոր կարելիութիւնները օգտագործեց։

Եւ, վերջապէս, ամենակարեւորը՝ 2004 թուականին ՀՀ կառավարութիւնը ընդունեց փախստականներու բնակարանային ապահովման համապարփակ ծրագիր, որու շնորհիւ շուրջ 4000 ընտանիք դարձաւ բնակարանի սեփականատէր։

Այս ծրագրին նախորդած էր թիրախային հաշուառումը։ Մենք, այսինքն, ՀՀ կառավարութեան առընթեր Գաղթի եւ փախստականներու վարչութիւնը, 2003 թուականին, ամբողջ հանրապետութիւնով մէկ մեր աշխատակիցներէ կազմած խումբերու միջոցով, երեք-չորս ամսուան ընթացքին մէկ առ մէկ այցելեցինք բոլոր փախստական ընտանիքներուն, որ յաջըրդ տարի (2004) կառավարութեան 747 որոշմամբ ընդունուած ծրագիրը հաստատուի եւ պիւտճէով նախատեսուած գումարները ուղղուին այդ ծրագրի իրականացման։ Ամէն տարի որոշ մարզեր կ՚ընտրուէին։ Բնակարանային ապահովութիւնը կը կատարուէր վկայականներու միջոցով, ըստ որու մարդոց կը յատկացնէինք ոչ թէ ուղղակի գումար, այլ վկայական, որով կրնային բնակարան ձեռք բերել։ Վկայականի արժէքը պայմանաւորուած էր՝ բնակավայրի, բնակարաններու շուկայական արժէքով եւ ընտանիքի անդամներու քանակով։

Այս ծրագիրը շարունակուեցաւ նաեւ 2019-2021 թուականներուն, երբ արդէն ներկայիս կառավարութիւնը 3.6 միլիառ դրամ յատկացուց այս կարեւոր խնդրին։

 

-Հետաքրքրական է, այդ ժամանակ մթնոլորտը ինչպէ՞ս էր։ Վերջ ի վերջոյ՝ Հայաստանի մէջ նոյնպէս կային շատ մարդիկ, որոնք կ՛ապրէին հանրակացարաններու մէջ։ Արդեօ՞ք հակասութիւններ չէին առաջանար անոնց եւ բռնագաղթուած ընտանիքներուն միջեւ։

Այստեղ շատ կարեւոր էր պետական մօտեցումը այդ նուրբ հարցին։ Տեսէ՛ք, այդ ժամանակ ալ կային մարդիկ, որոնք կ՚ըսէին՝ ի՞նչու Երեւանի հանրակացարանին մէջ, կողքի սենեակին մէջ ապրող՝ Ատրպէյճանէն տեղահանուած հայուն սեփականաշնորհման վկայականով բնակարան պիտի յատկացուի, իսկ օրինակ, Տաւուշէն եկած հայուն՝ ո՛չ։ Կառավարութիւնը կը բացատրէր, որ այս մէկը սոսկ անձի խնդիր չէ, այլեւ՝ բարոյական հարթութեան վրայ դիտուելիք հարց, այն է՝ ազգի այս հատուածը ամենամեծ գինը վճարած էր մեր ձեռքբերումներուն համար, եւ ազգը պարտաւոր էր ինչ-որ կերպ մեղմացնել անոնց կորուստները, իսկ այդ տեսանկիւնէն՝ առաջին կարեւոր քայլը Մայր Հայրենիքի մէջ ծածկ ու տանիք ունենալն էր, հայրենիքին մէջ ապրելու ուրախութիւնը զգալը։

Սա շատ դժուար գործ էր, եւ այդ տարիներու վարչապետ՝ Անդրանիկ Մարգարեանի համար ալ հեշտ չէր պիւտճէին մէջ նոր, բաւական մեծ ծրագիր  աւելցնելը։ Բայց մենք համոզուած էինք, որ այն ինչ կը կատարէինք՝ մեր պարտքն էր՝ ոչ միայն իրաւական, այլ նաեւ՝ բարոյական առումով։

Ի դէպ, աւելցնեմ, որ մինչ այդ ծրագիրները, 10 տարուան ընթացքին 361 հազար փախստականներէն միայն 7-8 հազարը ընդունած էին ՀՀ քաղաքացիութիւն, բայց բնակարաններու հարցի լուծումէն ետք, մէկ տարուան մէջ ՀՀ քաղաքացիութիւն ընդունողներուն թիւը հասաւ 15 հազարի։ Սա կը նշանակէ, որ մարդիկ հաւատքի եւ վստահութեան խնդիր ունէին, եւ  հայրենիքի մէջ տուն ու տանիք ձեռք բերելով հասկցան, որ իրենց թիկունքին պետութիւն կայ։

 

Անահիտ Եսայեան 

Նիւթը ՝ «Փաստինֆո» կայքէն