Հերթական տխուր ճակատագրի պատմութիւն է բնիկ լիբանանահայ դեռատի երիտասարդուհի Հուրի Ճաթալեանի տխուր հրաժեշտի պատմութիւնը։
Պատմութիւնը ընթացք կ՚առնէր այն պահուն, երբ Հուրին, որ լեարդի խնդիրներ ունէր, որոշեց մօր ընկերակցութեամբ հայրենադառնալ եւ հաստատուիլ Երեւանի մէջ։
«Արեւելք»ին այս մասին պատմեց Հուրիին քոյրը ՝Զառա Ճաթալեանը, որ նաեւ ըսաւ, թէ ինք եւս պիտի միանար իր սիրելի քրոջ եւ մօրը, սակայն այս օրերուն Երեւան հասած էր ծանր վիշտին բեռան տակ։
Զառա նաեւ կը նշէ, որ Հուրին, որ մասնագիտութեամբ հաշուապահ էր, Պէյրութի մէջ ունեցած էր առողջական խնդիրներ, սակայն բժիշկները երբեք անոր չէին ըսած, որ հարկաւոր է Լեարդի պատուաստման վիրաբուժութեան ենթարկուելու։
«Քոյրս, այո՛, ունեցաւ առողջական խնդիրներ, սակայն բժիշկները ոչ մէկ անգամ ըսին, որ կարիք ունի լեարդի պատուաստման»։
Զառա նաեւ ըսաւ, որ Լիբանանի բժիշկները դեղեր նշանակած էին, ու իրենք ալ նախազգալով, որ դեղերը բաւականին սուղ են (հաշուի առնելով նաեւ Լիբանանի տնտեսական բարդ իրավիճակը) , որոշած էին Հուրին ուղարկել Երեւան այն վառ հաւատքով, որ դեղ ճարելու խնդիր չունենար։
«Եկան հոս, մենք ալ պիտի միանայինք, սակայն մինչեւ հիմա չենք գիտցած ինչու, թէ Հուրիին վիճակը վատթարացաւ...։ Մէկէն հիւանդանոց փոխադրուեցաւ, «Քովիտ»ով վարակուեցաւ ու մահացաւ ...»։
Այս պատմելէ ետք, Զառա պահով մը կը լռէ ու ապա կը շեշտէ, որ կան կարգ մը քննութիւններու արդիւնքներ, որոնց պէտք է հետեւի հասկնալու համար, իր քրոջ մահուան պատճառը։
Նշենք, նաեւ, որ վերջին շաբաթներուն Հուրիին վիրաբուժութեան գումարը ապահովելու նպատակով մեկնարկած էր դրամահաւաքի արշաւ մը, որ ցաւօք չհասաւ իր նպատակին։
Հուրիի վիճակը վատթարացաւ ու ան յաւերժին համար փակեց իր աչքերը։
Երիտասարդ հայուհին , որն ընդամէնը քսան գարուններու կեանք անցուցած էր, սիրուած էր իր հարազատներուն եւ շրջանակին կողմէ։
Զինք կը սիրէին, ոչ միայն բարեհամբոյր բնաւորութեան համար, այլ նաեւ իր ունակութիւններուն համար. Դարձեալ Զառան է պատմողը ՝«Քոյրս, տարբեր տեսակի անձ էր, իր մօտ իրմէ շատ աւելի մեծերը կու գային լսելու համար իր խօսքն ու խորհուրդները...»։
Նշենք, որ Հուրի վերջին հրաժեշտի, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուին վաղը՝ Երեւանի մէջ։
Նիւթը՝ Arevelk.am-ի