image

Շուէտ շուտով պիտի միանայ ՆԱԹՕ-ին. Պլինքըն

Շուէտ շուտով պիտի միանայ ՆԱԹՕ-ին. Պլինքըն

Շուէտը շուտով պիտի միանայ ՆԱԹՕ-ին, որ պիտի նպաստէ դաշինքի «ներուժի ամրապնդման»։ Այս մասին Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս տարեվերջեան մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը։

Անոր խօսքով՝ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքը 2023 թուականին «աւելի մեծ եւ հզօր» դարձած է։

«Այս տարի ՆԱԹՕ-ին միացած է 31-րդ անդամը՝ Ֆինլանտան, իսկ շուտով պիտի միանայ Շուէտը, որ պիտի ամրապնդէ պաշտպանական դաշինքի հնարաւորութիւնները եւ մեծացնէ ներուժը»,-ըսած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարը։

Միեւնոյն ժամանակ ան կարծիք յայտնած է, որ «Ռուսիան տկարացեր է ռազմական, տնտեսական եւ դիւանագիտական առումով»։ Ըստ Պլինքընի՝ Միացեալ Նահանգները մտադիր է շարունակել դրդել աշխարհի երկիրները աջակցելու Ուքրանիոյ եւ ճնշում գործադրելու Ռուսիոյ Դաշնութեան վրայ։