 
                    Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը պէտք է միանայ Թուրքիոյ։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր, «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան առաջնորդ Տեւլէթ Պահչելին։
Ան Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան խորհրդարանին կոչ ուղղած է շտապ քուէարկութիւն կատարելու՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միանալու հարցով։
Որպէս անկախ պետութիւն՝ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը ճանչցուած է միայն Թուրքիոյ կողմէ, որ, ըստ ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն, այս տարածքը բռնագրաւած է։
Թուրքիան զաւթած եւ բռնագրաւման ենթարկած է Կիպրոսի Հանրապետութեան հիւսիսային հատուածը՝ 1974-ի ներխուժման ժամանակ։ Աշխարհի պետութիւններու մեծ մասը կը համարէ, որ Հիւսիսային Կիպրոսը Կիպրոսի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքն է։